Թուրքիոյ դեսպանատան գործավարը Իրանի արտաքին գործոց նախարարութիւն կը կանչուի

By Asbarez | Monday, 30 March 2015

 

Ալատտին Պորուժերտի

ՏՈՒՊԱՅ, <<Ռոյթըրզ>> - Իրանի արտաքին գործոց նախարարութիւնը յայտարարեց, որ քովը կանչած է Թեհրանի մօտ Թուրքիոյ դեսպանատան գործավարը՝ բողոքելու համար Թուրքիոյ նախագահ Ռեչեփ Թայիփ Էրտողանի կողմէ Իրանի հասցէին կատարուած յայտարարութեան դէմ: Նախարարութիւնը թուրք գործավարին փոխանցած է իր դժգոհութիւնը՝ Իրանի մասին Էրտողանի կատարած <<անպատշաճ ու անվայել>> յայտարարութենէն:


Միւս կողմէ, <<Արմէնփրէս>> լրատու գործակալութիւնը, վկայակոչելով թրքական <<Միլլիյէ>>չ օրաթերթը՝ կը հաղորդէ, որ Իրանի խորհրդարանի Ազգային ապահովութեան եւ արտաքին քաղաքականութեան հարցերով յանձնախումբի նախագահ Ալատտին Պորուժերտի խստօրէն քննադատած է Թուրքիոյ վարած քաղաքականութիւնը: Ան նշած է, որ եթէ վերջին տարիներուն Թուրքիոյ քաղաքականութիւնը նկատի ունենանք իբրեւ շղթայ, ապա այդ շղթային տարբեր օղակներուն մէջ Անգարան ձախողութեան մատնուած է: <<Սուրիան անոր ամէնէն ակնյայտ օրինակներէն մէկն է: Անգարան, որ կը ցանկար Սուրիոյ մէջ իշխանափոխութեան հասնիլ, պարտութեան մատնուեցաւ: Իրաքի մէջ ալ նոյնանման իրավիճակի մը դէմ յանդիման յայտնուած է անիկա>>, նշած է Պորուժերտի եւ քննադատելով Իրանի նկատմամբ Թուրքիոյ քաղաքականութիւնը՝ յոյս յայտնած, որ Անգարա վերատեսութեան ենթարկէ իր քաղաքականութիւնը:

 


comments