Պերմեաքով պիտի դատուի Հայաստանի մէջ՝ Ռուսական զինուորական դատարանին կողմէ

By Asbarez | Monday, 30 March 2015

 

 

ԵՐԵՒԱՆ - Այս տարուան սկիզբը Գիւմրիի մէջ տեղակայուած ռուսական ռազմակայանէն դասալքութեան եւ եօթը հոգինոց հայ ընտանիքի սպանութեան մէջ մեղադրուող ռուս զինուորին դատավարութիւնը տեղի պիտի ունենայ Հայաստանի մէջ ռուսական ռազմակայանին մէջ։ Այս մասին յայտնած է ռուս պատգամաւորը։
Լէոնիտ Սլուցքին, որ Ռուսիոյ Տումայի ԱՊՀ հարցերու, եւրասիական համարկման եւ հայրենակիցներու հետ կապերու յանձնաժողովի նախագահն է, անցեալ շաբաթավերջին խորհրդարանական պատուիրակութեան գլխաւորութեամբ այցելած է Հայաստան՝ մասնակցելու Ազգային ժողովի արտաքին յարաբերութիւններու մնայուն յանձնաժողովի հետ համատեղ նիստին:

Գիւմրիի մէջ Աւետիսեաններու ընտանիքի շիրիմները այցելելէ ետք տեղի ունեցած մամլոյ ասուլիսին ընթացքին ան յայտնած է, որ Գիւմրիի ընտանիքին սպանդին առնչուող հարցերը պիտի քննարկուին նաեւ Ռուսիոյ Տումայի նախագահ Սերգէյ Նարիշքինի հետ, որ պաշտօնական այցելութիւն պիտի տայ Հայաստան։

Ռուս բարձրաստիճան պատգամաւորը դժուարացած է ըսել, թէ արդեօք Պերմեաքովի դատավարութիւնը բա՞ց, թէ փակ ընթացակարգով պիտի ըլլայ: Բայց անոր տեղակալը՝ Թաթեանա Մոսքալցովան, ընդգծած է, որ եթէ նոյնիսկ դատավարութիւնը ընթանայ դռնփակ, ապա վճիռը, ըստ Ռուսիոյ օրէնսդրութեան, պիտի կայացուի բաց ընթացակարգով:

<<Դատավճիռը պէտք է կարդան հրապարակային, եւ գործի բոլոր հանգամանքները, նաեւ վճիռը, պէտք է յայտարարուի բոլորին>>, դիտել տուած է ան։

 

comments

Advertisement