Սամպոյի ախոյեանութեան՝ 1 ոսկի Եւ 3 պրոնզ մետալ Հայ մարզիկներուն

By Asbarez | Monday, 30 March 2015

 

 

ԵՐԵՒԱՆ.– 29 Մարտին Մոսկուայի մէջ աւարտեցաւ սամպոյի աշխարհի բաժակի խաղարկութիւնը՝ «Խառլամպիեւի յուշամրցաշարը», որուն այս տարի կը մասնակցին 35 երկիրներէ շուրջ 300 մարզիկները:

Մրցումներու վերջին օրը հայ մարզիկներէն մետալի տիրացաւ 62 քիլոկրամ ծանրութեան դասակարգէն Սամուէլ Բադալեան:

Յիշեցնենք, որ Վահէ Օթարեան եւ Արէն Անտոնեան եւս հասած էին նման յաջողութեան՝ համապատասխանաբար 52 եւ 57 քիլոկրամ ծանրութեան դասակարգերէն, իսկ ստեփանակերտցի Աշոտ Դանիէլեանը 90 քիլոկրամ ծանրութեան դասակարգին մէջ ախոյեան դարձաւ։

Այսպիսով, հայ մարզիկները Հայաստան կը վերադառնան 1 ոսկի եւ 3 պրոնզ մետալներով:

 


comments