Քանատայի խորհրդարանին պիտի ներկայացուի Ապրիլը Ցեղասպանութեանց յիշատակման ամիս հռչակելու բանաձեւը

By Asbarez | Monday, 30 March 2015

 

 

ՄՈՆԹՐԷԱԼ, <<Հորիզոն>>.- Մարտ 26ին, Քանատայի խորհրդարանի անդամ, եւ Քանատա-Հայաստան խորհրդարանական բարեկամութեան խմբակցութեան փոխնախագահ Պրետ Պաթ հրապարակեց խորհրդարանի յառաջիկայ նիստին ներկայացուելիք թիւ 587 բանաձեւը, որ կը նպատակադրէ Ապրիլ ամիսը Քանատայի մէջ Ցեղասպանութեանց յիշատակման ամիս հռչակել:


Բանաձեւը կը նշէ.

<<Ներկայացուցիչներու այս տունը կը վերահաստատէ ճանաչումը.
– Ողջակիզման յիշատակման օրուան հռչակագիրը (C-24), որ որդեգրուած էր Նոյեմբեր 7, 2003ին.
– Հայոց Ցեղասպանութեան ճանաչման բանաձեւը (M-380), որ որդեգրուած է Ապրիլ 21, 2004ին.
– Ռուանտայի ցեղասպանութեան բանաձեւի միաձայնութեամբ որոշումը, որ որդեգրուած էր Ապրիլ 7, 2008ին.
– Ուքրանական սովասպանութեան յիշատակման օրուան հռչակագիրը (C-459), որ որդեգրուած էր Մայիս 29, 2008ին:
Ներկայացուցիչներու այս տունը Քանատայի կառավարութեան կոչ կ՛ուղղէ յարգելու յիշատակը բոլոր ցեղասպանութեանց զոհերուն՝ Ապրիլ ամիսը ճանչնալով իբրեւ ցեղասպանութեան յիշատակման, դատապարտման եւ կանխարգիլման ամիս, եւ՝
Քանատայի Ներկայացուցիչներու տունը կը ճանչնայ առնչակից յիշատակման օրերը.
– Ապրիլ 7ն՝ Ռուանտական ցեղասպանութեան յիշատակման օր
– Ապրիլ 24ը՝ Հայոց Ցեղասպանութեան յիշատակման օր
– Հրէական լուսնային օրացոյցին համաձայն ճշդուած օրը՝ Եոմ Հաշօա, Ողջակիզման յիշատակման օր
- Նոյեմբերի չորրորդ Շաբաթ օրը՝ Ուքրանական սովասպանութեան յիշատակման օր>>:

 


comments