Մարդու Իրաւունքներու Խորհուրդը ընդունած Է Հայաստանի նախաձեռնած Ցեղասպանութեան կանխարգիլման բանաձեւը

By Asbarez | Monday, 30 March 2015

 

 

Միաւորուած ազգերու կազմակերպութեան Մարդու իրաւունքներու խորհուրդը, որ ՄԱԿի համակարգի ծիրին մէջ միջկառավարական կառոյց է՝ պատասխանատու ամբողջ աշխարհի մէջ մարդու բոլոր իրաւունքներու խթանման եւ պաշտպանութեան, այս շաբաթ տեղի ունեցած 28րդ նստաշրջանին ընդունած է Հայաստանի նախաձեռնած Ցեղասպանութեան կանխարգիլման վերաբերեալ բանաձեւը:

Ըստ Հայաստանի արտաքին գործոց նախարարութեան՝ Հայաստանին միացած եւ բանաձեւը համահեղինակած 64 պետութիւններ, որոնք կը ներկայացնեն Մարդու իրաւունքներու խորհուրդի տարածաշրջանային բոլոր խումբերը:

Բանաձեւը, համահեղինակելու համար, բաց պիտի մնայ տակաւին երկու շաբաթ։

27 Մարտին ընդունուած բանաձեւը կը վերահաստատէ, որ ցեղասպանութեան եւ մարդկութեան դէմ ոճրագործութիւններու անպատժելիութիւնը կը խրախուսէ նման յանցագործութիւններու կրկնութիւնը եւ լուրջ խոչընդոտ է միջազգային խաղաղութեան եւ անվտանգութեան ապահովման ուղղութեամբ ժողովուրդներու համագործակցութեան համար եւ կ՛ընդգծէ անպատժելիութեան դէմ պայքարը՝ որպէս կանխարգելման կարեւոր գործիք:

Հայաստանի նախաձեռնած բանաձեւին մէջ կ՛ընդգծուի, որ ցեղասպանութեան յանցագործութեան ժխտման եւ արդարացման փորձերը կը վտանգեն անպատժելիութեան դէմ պայքարը, կը խոչընդոտեն ցեղասպանութեան կանխարգիլման ուղղուած ջանքերը:

Բանաձեւին մէջ կը վերահաստատուի Մարդու իրաւունքներու խորհուրդի Համընդհանուր պարբերական դիտարկման մեքանիզմներու կարեւորութիւնը՝ հրաւիրելով պետութիւնները իրենց ազգային զեկոյցներուն մէջ ներկայացնելու տեղեկատուութիւն ցեղասպանութեան եւ այլ զանգուածային ոճրագործութիւններու կանխարգիլման ուղղութեամբ ձեռնարկուած քայլերուն մասին:

Բանաձեւը կոչ կ՛ուղղէ ՄԱԿի անդամ երկիրներուն՝ ցեղասպանութիւններու կանխարգիլման նպատակով ամրապնդել համագործակցութիւնը գործող մեքանիզմներու ծիրին մէջ, ցեղասպանութիւններու վերաճելու հաւանականութիւն ունեցող մարդու իրաւունքներու զանգուածային, լուրջ եւ պարբերական խախտումները կանխելու նպատակով:

Փաստաթուղթը նաեւ լուսարձակի տակ կ՛առնէ կրթութեան կարեւորութիւնը՝ ցեղասպանութիւններու կանխարգիլման իմաստով եւ կոչ կ՛ուղղէ անդամ երկիրներու կառավարութիւններուն՝ համապատասխան կրթական ծրագիրներու միջոցով նպաստելու ցեղասպանութիւններու իրազեկման եւ անոնց միջոցով կանխարգիլման:
Որպէս կանխարգելիչ քայլ՝ բանաձեւը կոչ կ՛ուղղէ ՄԱԿի անդամ երկիրներու կառավարութիւններուն՝ սահմանելու անցեալին կատարուած ցեղասպանութիւններու զոհերու յիշատակի ազգային օրեր, որպէսզի նման յանցագործութիւններ երբեք չմոռցուին եւ բոլորը կարելիութիւն ունենան անցեալի դասերու հիման վրայ նպաստելու առաւել ապահով ապագայի կերտման:

Բանաձեւով Մարդու իրաւունքներու խորհուրդը ՄԱԿի Ընդհանուր ժողովին կ՛առաջարկէ 9 Դեկտեմբերը որդեգրել իբրեւ Ցեղասպանութեան յանցագործութեան կանխարգիլման եւ պատժման մասին ուխտի ընդունման օրը, սահմանել ցեղասպանութեան յանցագործութեան զոհերու յիշատակի օր:

Բանաձեւին համաձայն՝ կը նախատեսուի նաեւ ցեղասպանութեան կանխարգիլման հարցերու համակարգողներու համաշխարհային ցանցի ստեղծում:

Յատկանշական է, որ Հայաստանի նախաձեռնութեամբ միջազգային այս կարեւոր բանաձեւը ընդունուած է Հայոց Ցեղասպանութեան 100ամեակի նախաշեմին:

 


comments

Advertisement