«National Geographic»ի 1915ի Հոկտեմբերի թիւը՝ Հայութեան մասին

By Asbarez | Monday, 30 March 2015

 

 

ԵՐԵՒԱՆ -  Հայաստանի Հանրային ձայնասփիւռի կայանը կը յայտնէ, թէ Հայաստանի արտաքին գործոց նախարարութիւնը, Մարտ 27ին, <<Ֆէյսպուք>>ի իր էջին վրայ գրած է, որ ամերիկեան հռչակաւոր <> ամսագիրի 1915ի Հոկտեմբեր ամսուան թիւը գրեթէ ամբողջութեամբ նուիրուած էր Հայաստանին ու հայ ժողովուրդի պատմութեան։

Անոր մէջ մանրամասն անդրադարձ կատարուած էր հայ եկեղեցիին, ինչպէս նաեւ գրուած էր հայ աւանդական ընտանիքի ու արժէքներու համակարգին մասին: Հոն նաեւ խօսուած է հայկական ջարդերուն մասին։

 

comments