Տաւութօղլուի գլխաւոր խորհրդականը 1915ի ջարդերը Ցեղասպանութիւն կը նկատէ

By Asbarez | Monday, 30 March 2015

ԵՐԵՒԱՆ, <<Նիուզ>> - Թուրքիոյ վարչապետի գլխաւոր խորհրդական Էթիէն Մահճուպեան թուրքերը զայրացնող յայտարարութիւն մը կատարած է՝ նշելով, որ 1915ի ջարդերը ցեղասպանութիւն կը նկատէ:


Թրքական <<Arcaajans>> լրատուական կայքին համաձայն՝ Բրիտանիոյ խորհրդարանին մէջ կազմակերպուած կլոր սեղանի մը ընթացքին Մահճուպեան խօսած է Թուրքիոյ վերաբերող զանազան հարցերու մասին, ինչպէս նաեւ անդրադարձած է Հայոց Ցեղասպանութեան նիւթին:

<<Ըսած եմ, որ ես զիս հայէ աւելի շատ օսմանցի կը նկատեմ: Ես ազգայնական չեմ, բայց երբ կը քննուի 1915ի հարցը, ես կ՛օգտագործեմ <<Հայոց Ցեղասպանութիւն>> եզրը: Կը կարծեմ, որ անիկա ցեղասպանութիւն էր, քանի որ <<ցեղասպանութիւն>> եզրը եւ 1915ին տեղի ունեցածը իրարու կը համընկնին: Եթէ ցեղասպանութեան եզրի սահմանումը փոխենք, ապա զայն կարելի է ցեղասպանութիւն չհամարել: Շատերը կրնան ինծի չհասկանալ, սակայն ցեղասպանութիւնը ոչ թէ պատմական, այլ իրաւական եզր է>>, ըսած է Մահճուպեան:

 


comments