By Asbarez | Monday, 30 March 2015

ԵՐԵՒԱՆ, <<Նիուզ>> - <<Հայերը իրե՛նք են, որ միտումնաւոր կերպով Ապրիլ 24ը յարմարցուցած են այնպէս, որ անիկա համընկնի Կալիփոլիի ճակատամարտի տարեդարձի օրուան>>, յայտարարած է Թուրքիոյ նախագահ Ռեչեփ Թայիփ Էրտողան, ֆրանսական <<Ֆրանս 24>> կայանին տուած հարցազրոյցին ընթացքին:
Էրտողան յիշեցուցած է, որ այս տարի Թուրքիան կը նշէ Կալիփոլիի ճակատամարտի 100րդ տարեդարձը, եւ անոր համար Հայաստանէն արտօնութիւն խնդրելու նպատակ չունի:
<<Ասիկա պատմական թուական մըն է եւ բացարձակապէս կապ չունի Հայաստանի մէջ կատարուելիք միջոցառումներուն հետ: Ճիշդ հակառակը, անոնք թուականը այնպէս յարմարցուցած են, որ անիկա համընկնի մեր թուականին հետ>>, յայտարարած է Էրտողան:
Ան կրկին պնդած է, թէ Հայաստան-Թուրքիա յարաբերութեանց մէջ, Թուրքիա միշտ դրական քայլը առած է եւ՝ <<խաղաղութեան ձեռք երկարած, իսկ Հայաստան երբե՛ք չէ ընդունած խաղաղութեան ձեռքը>>:
comments
ԵԽԽՎի Համազեկուցողները Կոչ Ըրին Պաքուին՝ Հայաստանէն Դուրս Բերելու Զօրքերը Եւ Ազատ Արձակելու Գերիները
Խրիմի Կամուրջի Պայթումին Գործով Ձերբակալուած Են 5 Մեղադրեալներ, Որոնցմէ Երեքը Հայ Են
Իրան Դարձեալ Յիշեցուց Ալիեւին, Թէ Պատմական Սահմաններու Փոփոխութիւնը Անընդունելի Է
Ալիեւ Հայաստանը Կը Զգուշացնէ Սադրանքներու Դիմելէ
Պրիւքսէլ Ուշադիր Կը Հետեւի Հայ-Ատրպէյճանական Սահմանագօտիի Կացութեան
Ատրպէյճան Կը Ծրագրէ Բերձորի Եկեղեցին Մզկիթի Վերածել
Անգարա Դատապարտեց ՄԱԿի Ընդհանուր Ժողովի Նախագահին Ծիծեռնակաբերդ Այցելութիւնը
Սուրիա Պիտի Դիմադրէ Իր Հողերուն Վրայ Որեւէ Թրքական Գործողութեան. Ասատ