By Asbarez | Tuesday, 31 March 2015

ՊՈԼԻՍ, <<Մարմարա>>.- Թրքական <<Վաթան>> կուսակցութեան փոխկուսակցապետ ու հանգստեան կոչուած զօրավար Իսմայիլ Փեքին Հաքքը հակազդած է վարչապետ Ահմետ Տաւութօղլուի աւագ խորհրդական Էթիէն Մահճուպեանի խօսքերուն, մասնաւորաբար կանգ առնելով <<1915ի դէպքեր>>ուն մասին անոր օգտագործած <<ցեղասպանութիւն>> բառին վրայ։ Ան յիշեցուցած է Յունուար 28ին, Եւրոպայի մարդկային իրաւունքներու ատեանին մօտ կատարուած դատավարութիւնը եւ ըսած է, որ 1915ի դէպքերը ցեղասպանութիւն չեն եւ <<ասիկա յստակ կերպով ըսուած է Փերինչեքի մասին ընդունուած վճիռին մէջ>>։
<<Մահճուպեանին ըսելովը չէ, որ 1915ը ցեղասպանութիւն պիտի ըլլայ. ցեղասպանութիւնը ընդունելու համար պայման է, որ տեղական դատարան մը կամ միջազգային դատարան մը որոշում ընդունի։ Խորհրդարաններու ընդունած որոշումները քաղաքական են, իրաւական չեն։ Հակառակ ասոր, երբ կը մօտենայ 24 Ապրիլը, շատ մեծ յարձակում մը կայ Թուրքիոյ վրայ>>, ըսած է ան։
comments
ԵԽԽՎի Համազեկուցողները Կոչ Ըրին Պաքուին՝ Հայաստանէն Դուրս Բերելու Զօրքերը Եւ Ազատ Արձակելու Գերիները
Խրիմի Կամուրջի Պայթումին Գործով Ձերբակալուած Են 5 Մեղադրեալներ, Որոնցմէ Երեքը Հայ Են
Իրան Դարձեալ Յիշեցուց Ալիեւին, Թէ Պատմական Սահմաններու Փոփոխութիւնը Անընդունելի Է
Ալիեւ Հայաստանը Կը Զգուշացնէ Սադրանքներու Դիմելէ
Պրիւքսէլ Ուշադիր Կը Հետեւի Հայ-Ատրպէյճանական Սահմանագօտիի Կացութեան
Ատրպէյճան Կը Ծրագրէ Բերձորի Եկեղեցին Մզկիթի Վերածել
Անգարա Դատապարտեց ՄԱԿի Ընդհանուր Ժողովի Նախագահին Ծիծեռնակաբերդ Այցելութիւնը
Սուրիա Պիտի Դիմադրէ Իր Հողերուն Վրայ Որեւէ Թրքական Գործողութեան. Ասատ