«Վճռակամութեան Փոթորիկ»ը Եմէնի ժողովուրդն ու կառավարութիւնը պաշտպանելու համար է. Ժուպէյր

By Asbarez | Tuesday, 31 March 2015

 

ՈՒԱՇԻԿԹԸՆ, <<Էյ.Փի.>> - Մինչ արաբական դաշնակից երկիրներու ռազմական օդանաւերը կը շարունակեն Եմէնի մէջ տարբեր վայրեր ռմբակոծել, Միացեալ Նահանգներու մէջ Սէուտական Արաբիոյ դեսպան Ահմետ Ժուպէյր պնդեց. <<<<Վճռակամութեան փոթորիկ>> արշաւը Եմէնի ժողովուրդը եւ անոր օրինական կառավարութիւնը Իրանի եւ <<Հըզպալլա>>ի աջակցութիւնը վայելող խմբաւորումէ մը պաշտպանելու համար է>>:


Միւս կողմէ, սէուտական <<Ուաթան>> թերթը հաղորդեց, որ արաբ դիւանագէտ մը յայտնած է, որ Շարմ Շէյխի մէջ Արաբական վեհաժողովի դռնփակ նիստին ընթացքին արաբ ղեկավարները ընդհանուր գիծերու մէջ քննարկած են արաբական միացեալ ուժի եւ <<Վճռակամութեան փոթորիկ>>ի հարցերը՝ նշելով, որ քննարկումին ընթացքին որեւէ տարակարծութիւն երեւան չէ եկած: Դիւանագէտը նշած է, որ արաբական երկիրներու բանակներու սպայակոյտերու պետերը այդ ուժի ղեկավարութիւնը, կեդրոնը, զինուորներու թիւն ու զէնքերը պիտի ճշդեն յառաջիկայ քննարկումներուն ընթացքին:

Իր կարգին, <<Թըրքիշ Տէյլի Նիուզ>> հաղորդեց, որ եգիպտացի զինուորական եւ ապահովական պաշտօնատարներ յայտնած են, որ առաջարկուած արաբական միացեալ ուժը կազմուած պիտի ըլլայ 40,000 զինուորներէ եւ այդ ուժի կեդրոնատեղին պիտի ըլլայ Գահիրէն կամ Ռիատը: Ուժը պիտի ունենայ ռազմական օդանաւեր, ռազմանաւեր եւ զրահապատ թեթեւ մեքենաներ:

Յիշեցնենք, որ Արաբական լիկայի ընդհանուր քարտուղար Նեպիլ Արապի վեհաժողովէն ետք, պատասխանելով արաբական երկիրներուն մէջ տագնապներուն միջամտող <<օտար ուժեր>> արտայայտութեան մասին հարցումի մը ըսաւ. <<Կարգ մը դրացիներու կողմէ միջամտութիւն կայ. մէկ կողմէ՝ իսրայէլեան, միւս կողմէ՝ թրքական եւ իրանեան միջամտութիւն կայ շարք մը երկիրներու մէջ>>:

 

comments