By Asbarez | Tuesday, 31 March 2015
ՊՈԼԻՍ, <<Ա.Էֆ.Փէ>> - Թուրքիոյ մէջ արգիլուած՝ մարքսական Յեղափոխական ժողովուրդի ազատագրութեան կուսակցութիւն-ճակատի զինեալները Մարտ 31ին պատանդ բռնեցին թուրք դատախազ մը, անոր գրասենեակը ներխուժելէ ետք։ Դատախազը ստանձնած է անցեալ տարուան ընթացքին <<Կեզի>> զբօսայգիի ցոյցերուն ընթացքին ոստիկաններու կողմէ սպաննուած պատանիին հարցը։
Զինեալները կը պահանջէին պատժել սպանութեան պատասխանատու ոստիկանը ու ազատ արձակել ցոյցերուն ընթացքին բոլոր ձերբակալուածները։
Ոստիկանութիւնը բանակցութեանց սկսաւ զինեալներուն հետ, սակայն աւելի ուշ գրասենեակը ներխուժեց, սպաննելով երկու զինեալները։ Դատախազը ծանրօրէն վիրաւորուած է։
Նաեւ, Մարտ 31ին Թուրքիոյ նահանգներուն աւելի քան կիսուն մէջ ելեկտրականութեան հոսանքը ընդհատուած է:
comments
ԵԽԽՎի Համազեկուցողները Կոչ Ըրին Պաքուին՝ Հայաստանէն Դուրս Բերելու Զօրքերը Եւ Ազատ Արձակելու Գերիները
Խրիմի Կամուրջի Պայթումին Գործով Ձերբակալուած Են 5 Մեղադրեալներ, Որոնցմէ Երեքը Հայ Են
Իրան Դարձեալ Յիշեցուց Ալիեւին, Թէ Պատմական Սահմաններու Փոփոխութիւնը Անընդունելի Է
Ալիեւ Հայաստանը Կը Զգուշացնէ Սադրանքներու Դիմելէ
Պրիւքսէլ Ուշադիր Կը Հետեւի Հայ-Ատրպէյճանական Սահմանագօտիի Կացութեան
Ատրպէյճան Կը Ծրագրէ Բերձորի Եկեղեցին Մզկիթի Վերածել
Անգարա Դատապարտեց ՄԱԿի Ընդհանուր Ժողովի Նախագահին Ծիծեռնակաբերդ Այցելութիւնը
Սուրիա Պիտի Դիմադրէ Իր Հողերուն Վրայ Որեւէ Թրքական Գործողութեան. Ասատ