Արուեստի ու արհեստագիտութեան միաւորումը «ԹՈՒՄՕ»ի մէջ

By Asbarez | Tuesday, 31 March 2015

ԵՐԵՒԱՆ, <<Արմռադիօ>> - Հայոց Ցեղասպանութեան հարիւրամեակին յաջորդող օրը՝ 25 Ապրիլին, <<ԹՈՒՄՕ>> ստեղծարար արհեստագիտութեան կեդրոնին մէջ տեղի պիտի ունենայ արհեստագիտութեան եւ արուեստին վերաբերող երկու մեծ համաժողով՝ <<ԹՈՒՄՕ>>ի խորհուրդի անդամներ Րաֆֆի Գրիգորեանի, Սերժ Թանքեանի եւ այլ աշխարհահռչակ մասնագէտներու մասնակցութեամբ։

HIVE ճարտարագիտութեան առաջնորդներու համաժողովին, զոր կը հովանաւորէ Յովնանեան հիմնադրամը, ներկայ պիտի ըլլան հեղինակաւոր բանախօսներ, ինչպէս՝ <<ԹՈՒՄՕ>>ի խորհուրդի անդամ, <<Թուիթըր>>ի նախկին փոխտնօրէն Րաֆֆի Գրիգորեանը, Reddit ընկերութեան հիմնադիր եւ գործադիր տնօրէն Ալեքսիս Օհանեան, եւ տեղեկատուական արհեստագիտութեան ոլորտի այլ նշանաւոր մասնագէտներ։

Նախաձեռնութիւնը պիտի միաւորէ ճարտարագէտներ եւ ծրագրաւորողներ՝ միտում ունենալով քննարկումներու, դասախօսութիւններու եւ անձնական հանդիպումներու միջոցով կատարել փորձառութեան փոխանակում ոլորտի առաջնորդներուն եւ տեղացի մասնագէտներուն միջեւ:

Միեւնոյն ժամանակ պիտի կայանայ նաեւ Երաժշտական համաժողով <<System of a Down>> խումբի մենակատար Սերժ Թանքեանի գլխաւորութեամբ: Ներկայ պիտի ըլլան նաեւ երգահան Տիգրան Մանսուրեան եւ այլ յայտնի երաժիշտներ:

Համաժողովին ընթացքին պիտի կատարուին քննարկումներ հայկական երաժշտութեան ինքնութեան եւ տարբեր մօտեցումներու մասին: Երաժիշտները պիտի ներկայացնեն հայկական յատկանշական կատարումներ, որոնց պիտի յաջորդեն հարց ու պատասխան եւ քննարկումներ:

Երկու համաժողովներուն մասնակիցները կարելիութիւն պիտի ունենան դադարներուն կապ հաստատելու իրարու հետ՝ խթանելով <<ԹՈՒՄՕ>>ի գաղափարներէն մէկը՝ արուեստի եւ արհեստագիտութեան հատումը:

 



comments

Advertisement