Հրապարակուած է Ցեղասպանութեան հատուցումներու գծով վերջնական զեկոյցը

By Asbarez | Tuesday, 31 March 2015

 

ԵՐԵՒԱՆ, <<Նիուզ>> - Հայոց Ցեղասպանութեան փոխհատուցումներու հարցերով ուսումնասիրութիւններու խումբը հրապարակած է վերջնական զեկոյց, որ կը կոչուի <<Արդարութեամն Լուծում. Հատուցումներ Հայոց Ցեղասպանութեան Համար>>:


Ըստ Հայոց Ցեղասպանութեան հատուցումներու հարցերով ուսումնասիրութիւններու խմբակի պաշտօնական կայքին՝ հատուցումներու հարցին իրաւական, պատմական, քաղաքական եւ ցեղային տեսանկիւններէ համապարփակ վերլուծութեան արդիւնք հանդիսացող այս զեկոյցը աւարտած է 2014ի Սեպտեմբերին:

Ցեղասպանութեան զոհերու եւ ընդհանրապէս հայ ազգի կորուստներուն հատուցման հարցը տարիներ շարունակ ուսումնասիրուած է տարբեր գիտնականներու կողմէ: Այսուհանդերձ, քննարկումը սահմանափակ էր եւ կը պարունակէր միայն տարածքային եւ գումարային փոխհատուցման վերացական հասկացութիւններ: Իսկ Հայոց Ցեղասպանութեան փոխհատուցումներու հարցերով ուսումնասիրութիւններու խումբին զեկոյցը համապարփակ եւ մանրամասն վերլուծութիւն կը պարունակէ։

Նշենք, որ խումբը ձեւաւորուած է 2007ին եւ կազմուած է 4 փորձագէտներէ: Անոնց առաքելութիւնն էր՝ նախապատրաստել Հայոց Ցեղասպանութեան հետ կապուած հատուցումներու հարցով համակարգուած, բազմակողմանի, խոր առաջին վերլուծութիւնը: Ի սկզբանէ, ՀՅԴի դրամաշնորհին միջոցով ճամբայ ելած խումբի անդամներն էին Ալֆրետ տէ Զայաս, Ճըրմէյն ՄըքՔալփի, Արա Պապեան եւ Հանրի Թերիոն: Ճորճ Աղաճաեան յատուկ խորհրդականի պաշտօն ունէր:

Զեկոյցը կարելի է կարդալ www.armeniangenocidereparations.info/?page_id=229 կայքէն։

 

comments

Advertisement