Թրքական ամսագիրի Ապրիլեան թիւը նուիրուած է Հայոց Ցեղասպանութեան

By Asbarez | Wednesday, 01 April 2015

 

 

ԵՐԵՒԱՆ, <<Էրմենիհապեր>> - Թրքաական <<Ովրենել Քուլթուր>> ամսագիրի ապրիլեան թիւը ամբողջութեամբ նուիրուած պիտի ըլլայ Հայոց Ցեղասպանութեան 100ամեակին: Թերթին կայքը կը տեղեկացնէ, որ ամսագիրը <<100ամեայ ցաւն ու ամօթը պիտի քննէ պատմութեան, մշակոյթի եւ արուեստի դիտանկիւնէն>>:
<<Հասկնալու համար, թէ թուրքերը առանց հայերու ինչեր կորսնցուցած են, պէտք է հարցը քննեն ոչ միայն խիղճի եւ բանականութեան պրիսմակին միջոցաւ, այլ նաեւ պատմութեան, լեզուի, արուեստի, արհեստներու, գրականութեան եւ միւս <<հարստութիւններ>>ու, որոնք մարդուն մարդ կը դարձնեն>>, գրուած է հոն:


Ամսագրին մէջ պիտի հրապարակուին յայտնի լրագրողներու, գրողներու յօդուածները, որոնք պիտի ներկայացնեն հայերու բացակայութենէն յառաջացած դատարկութիւնը: Ընթերցողի դատին պիտի յանձնուին յօդուածներ, որոնք պիտի պատմեն տարբեր բնագաւառներու մէջ հայերու ունեցած ներդրումներուն մասին: Մասնաւորապէս, բանասէր Նեճմիյէ Ալփայ իր յօդուածին մէջ պիտի ներկայացնէ լեզուագիտութեան բնագաւառին մէջ հայ լեզուաբաններու ունեցած դերը, սկսելով Թրքական լեզուագիտական ընկերութեան առաջին գլխաւոր քարտուղար Յակոբ Տիլաճարէն (Մարթայեան) մինչեւ Սեւան Նշանեան:


Նաեւ պիտի ըլլան յօդուածներ նուիրուած <<թրքական>> շարժապատկերի եւ թատրոնի հայ վարպետներուն, հայկական երաժշտութեան, թրքական վիպագրութեան մէջ հայու կերպարին եւ Հայոց Ցեղասպանութեան ընկալումներուն:

Պիտի ներկայացուի <<20 Կախաղան>> հատորին մասին յօդուած մը, որուն հեղինակը հայ հոգեւորական Գալուստ Պօղոսեանն է, որ գրած է 1915ին Հնչակեան կուսակցութեան 20 անդամներու մահապատժին մասին, որուն անձամբ ականատես եղած է: Գիրքը առաջին անգամ հայերէն տպագրուած էր 1921ին, իսկ այժմ <<Էվրենսել>> հրատարակչութիւնը կը պատրաստուի զայն հրատարակելու թրքերէնով:

 

 


comments