Վըրմանթի խորհրդարանը Հայոց Ցեղասպանութիւնը ճանչցող բանաձեւ վաւերացուցած է

By Asbarez | Wednesday, 01 April 2015

 

Տանա Ուալրաթ եւ Քրիս Պոհճալեան

ՄՈՆՓԵԼԻԷ, Վըրմանթ.- Ամերիկայի Հայ Դատի յանձնախումբը կը տեղեկացնէ, թէ Մարտ 31ին, Վըրմանթի նահանգային խորհրդարանը վաւերացուցած է Հայոց Ցեղասպանութիւնը ճանչցող բանաձեւ մը:

Նահանգային խորհրդարանի նշեալ նիստին մասնակցած եւ անոր ընթացքին ելոյթներ ունեցած են գրողներ Քրիս Պոհճալեան եւ Տանա Ուալրաթ:

Նշենք, որ Վըրմանթի նահանգապետ Ճէյմզ Տակլըս 2004ին Ապրիլ 24ը հռչակած էր Հայոց Ցեղասպանութեան նահատակներու յիշատակի օր, համապատասխան յայտարարութեամբ։

Միացեալ Նահանգներու 50 նահանգներէն 42ը պաշտօնապէս ճանչցած են Հայոց Ցեղասպանութեան փաստը:

 


comments