By Asbarez | Thursday, 02 April 2015
ԵՐԵՒԱՆ, <<Նիուզ>> - <<System Of A Down>>ը հաստատած է նոր ալպոմ ձայնագրելու մասին լուրերը: <<Madcap Music Review>>ի տուած հարցազրոյցին ընթացքին, կիթառահար Շաւօ Օտատճեան ըսած է, որ <<System Of A Down>>ի անդամները սկսած են նոր երգեր ձայնագրելու:
<<Billboard>>ի տուած հարցազրոյցին ընթացքին, թմբկահար Ճան Տոլմայեանը նոյնպէս հաստատած լուրը։ Ան նաեւ խօսած խումբին համաշխարհային շրջագայութեան մասին: Ինչպէս յայտնի է, Ապրիլ 6ին կը սկսի խումբին <<Wake Up The Souls Tour>> համերգային շրջագայութիւնը՝ նուիրուած Հայոց Ցեղասպանութեան 100ամեակին: Խումբը ելոյթներ պիտի ունենայ Ամերիկայի, Անգլիոյ, Ֆրանսայի, Հոլանտայի, Պելճիքայի եւ Երեւանի մէջ: Այս վերջին համերգը պիտի կայանայ Ապրիլ 23ին, Հանրապետութեան հրապարակին վրայ, որուն կարելի պիտի ըլլայ համացանցով հետեւիլ աշխարհի որեւէ անկիւնէն:
<<Ես շատ ոգեւորուած եմ, քանի որ վերջին համերգը պիտի կայանայ Հայաստանի մէջ: Որպէս հայ եւ որպէս երաժիշտ, այս իրողութիւնը շատ խորհրդանշական է ինծի համար: <<Wake Up The Souls Tour>>ը աւելի կարեւոր է, քան նոր ալպոմը: Մեր համերգային շրջագայութիւնը աւելին է, քան յարգանքի տուրք՝ Ցեղասպանութեան 100ամեակին>>, յայտարարըց Տոլմայեան:
<<System of a Down>>ի մենակատար Սերժ Թանքեան կ՛ըսէ. <<Կարեւոր է գիտնալ, որ այժմ նոյնպէս ցեղասպանութիւններ կը կատարուին, սակայն նման գործողութիւնները ճանաչելու եւ ցեղասպանութիւն որակելու համար միջազգային համաձայնագիր չկայ: Չկայ փաստաթուղթ մը, որ կը յստակացնէ, թէ երբ ցեղասպանութիւն կը կատարուի: Միջազգային հանրութիւնը պէտք է քայլեր ձեռնարկէ, պատժէ, եւայլն: Հարկաւոր է ոչ միայն խօսիլ, թէ ինչ կը կատարուի, այլ մեղաւորները պատասխանատուութեան ենթարկել>>:
Տոլմայեան, իր կարգին, կը յայտնէ. <<Կը փափաքէինք նաեւ ելոյթ ունենալ Թուրքիոյ մէջ, բայց կազմակերպչական խնդիրներու պատճառով այդ մէկը կարելի չեղաւ: Մեր այս համաշխարհային շրջագայութիւնը նուիրուած է Ցեղասպանութեան, բայց չենք պատրաստուիր կառչած մնալ միայն այդ նիւթին, չենք ուզեր այդ նիւթով յոգնեցնել մեր ունկնդիրները: Աւելացնեմ, որ մենք նաեւ պատրաստած ենք Ցեղասպանութեան մասին ֆիլմեր, զորս պիտի ներկայացնենք համերգներուն ընթացքին: Սակայն անոնք, որոնք պիտի գան միայն մեր երաժշտութիւնը լսելու եւ վայելելու ու հեռու են քաղաքական հասկացութիւններէ, նոյնպէս կրնան հաճելի ժամանակ անցընել մեր համերգներուն ընթացքին>>, նշած է թմբկահարը:
comments
ԵԽԽՎի Համազեկուցողները Կոչ Ըրին Պաքուին՝ Հայաստանէն Դուրս Բերելու Զօրքերը Եւ Ազատ Արձակելու Գերիները
Խրիմի Կամուրջի Պայթումին Գործով Ձերբակալուած Են 5 Մեղադրեալներ, Որոնցմէ Երեքը Հայ Են
Իրան Դարձեալ Յիշեցուց Ալիեւին, Թէ Պատմական Սահմաններու Փոփոխութիւնը Անընդունելի Է
Ալիեւ Հայաստանը Կը Զգուշացնէ Սադրանքներու Դիմելէ
Պրիւքսէլ Ուշադիր Կը Հետեւի Հայ-Ատրպէյճանական Սահմանագօտիի Կացութեան
Ատրպէյճան Կը Ծրագրէ Բերձորի Եկեղեցին Մզկիթի Վերածել
Անգարա Դատապարտեց ՄԱԿի Ընդհանուր Ժողովի Նախագահին Ծիծեռնակաբերդ Այցելութիւնը
Սուրիա Պիտի Դիմադրէ Իր Հողերուն Վրայ Որեւէ Թրքական Գործողութեան. Ասատ