Ջանքերը կը կեդրոնանան Իրանի եւ Վեցեակին միջեւ համապարփակ համաձայնութեան վրայ

By Asbarez | Friday, 03 April 2015

 

 

ԼՕԶԱՆ, <<Ռոյթըրզ>> - Իրանի եւ Վեցեակին (ՄԱԿի Ապահովութեան խորհուրդի մնայուն 5 անդամներն ու Գերմանիա) միջեւ 8 օր տեւողութեամբ բանակցութիւններէ ետք, Ապրիլ 2ի երեկոյան կարելի եղաւ Իրանի հիւլէական ծրագիրի ապագային առնչութեամբ ընդհանուր գիծերու շուրջ համաձայնութիւն գոյացնել: Այժմ կողմերը ջանք պիտի տանին մինչեւ Յունիս 30 համապարփակ համաձայնութիւն մը գոյացնելու համար:


Եւրոպական Միութեան արտաքին քաղաքականութեան յանձնակատար Ֆետերիքա Մոկերինի յայտնեց, որ Իրանի իւրանիոմի հարստացման կարողութիւնն ու պահեստները պիտի սահմանափակուին, իսկ Եւրոմիութիւնը պիտի ջնջէ Իրանի դէմ իր հաստատած բոլոր պատժամիջոցները, մինչ Միացեալ Նահանգներ նոր պատժամիջոցներ պիտի չհաստատէ: Իրանի արտաքին գործոց նախարար Մոհամմատ Զարիֆ յայտնեց, որ Ամերիկա ելեւմտական պատժամիջոցներուն վերջ պիտի դնէ եւ ընդգծեց, որ Իրան <<պիտի շարունակէ իր հիւլէական խաղաղ ծրագիրը>>: <<ՄԱԿը Իրանի դէմ հաստատուած բոլոր պատժամիջոցներու ջնջումը պիտի յայտարարէ>>, աւելցուց Ապրիլ 3ին Թեհրանի մէջ իբրեւ հերոս դիմաւորուած Զարիֆ, պատրաստակամութիւն յայտնելով <<անմիջապէս սկսելու բանաձեւումին>>:
Միացեալ Նահանգներու արտաքին գործոց նախարար Ճան Քերի համաձայնութիւնը <<հոյակապ>> նկատեց, սակայն քաղաքական մեկնաբաններ կը յայտնեն, թէ Իրանի հիւլէական ծրագիրին շուրջ 12 տարի առաջ սկսած տագնապին վերջնական լուծումին առջեւ շարք մը լուրջ խոչընդոտներ կը մնան։

 

comments

Advertisement