By Asbarez | Friday, 03 April 2015
ԵՐԵՒԱՆ, <<ԹերԹ>> - Թուրքիոյ արտաքին գործոց նախարարութեան մամուլի խօսնակ Թանժու Պիլկիչ, անդրադառնալով Կիպրոսի խորհրդարանին կողմէ Հայոց Ցեղասպանութեան ժխտումը քրէականացնող օրինագիծի վաւերոցման, յայտարարած է. <<Կիպրոսի որոշումը որեւէ արժէք չունի Թուրքիոյ համար։ 1915ի դէպքերը քաղաքական հաշիւներու համար օգտագործողները որեւէ արդիւնքի պիտի չհասնին>>:
Իր կարգին, Արամ Ա. կաթողիկոս նամակ յղած է Կիպրոսի նախագահին ու խորհրդարանի ղեկավարին՝ շնորհակալութիւն յայտնելով այս պատմական որոշման համար: <<Այս քաջ որոշումը արդարութեան եւ մարդկային իրաւունքներու հանդէպ Կիպրոսի Հանրապետութեան ունեցած զօրեղ յանձնառութեան շօշափելի արտայայտութիւնն է>>, գրած է կաթողիկոսը:
Զուիցերիա, Սլովաքիա եւ Յունաստան եւս քրէականացուցած են Հայոց Ցեղասպանութեան ժխտումը: Նման օրինագիծ կը քննարկուի նաեւ Ֆրանսայի մէջ:
comments
ԵԽԽՎի Համազեկուցողները Կոչ Ըրին Պաքուին՝ Հայաստանէն Դուրս Բերելու Զօրքերը Եւ Ազատ Արձակելու Գերիները
Խրիմի Կամուրջի Պայթումին Գործով Ձերբակալուած Են 5 Մեղադրեալներ, Որոնցմէ Երեքը Հայ Են
Իրան Դարձեալ Յիշեցուց Ալիեւին, Թէ Պատմական Սահմաններու Փոփոխութիւնը Անընդունելի Է
Ալիեւ Հայաստանը Կը Զգուշացնէ Սադրանքներու Դիմելէ
Պրիւքսէլ Ուշադիր Կը Հետեւի Հայ-Ատրպէյճանական Սահմանագօտիի Կացութեան
Ատրպէյճան Կը Ծրագրէ Բերձորի Եկեղեցին Մզկիթի Վերածել
Անգարա Դատապարտեց ՄԱԿի Ընդհանուր Ժողովի Նախագահին Ծիծեռնակաբերդ Այցելութիւնը
Սուրիա Պիտի Դիմադրէ Իր Հողերուն Վրայ Որեւէ Թրքական Գործողութեան. Ասատ