By Asbarez | Wednesday, 08 April 2015
ՍՏԵՓԱՆԱԿԵՐՏ, <<Երկիր>> - 7 Ապրիլին՝ ժամը 17:15ի շուրջ, պաշտպանութեան բանակի արեւելեան ուղղութեամբ տեղակայուած զօրամասերէն մէկուն պահպանութեան տեղամասի մարտական յենակէտին մէջ հակառակորդին կողմէ արձակուած գնդակէն մահացու հրազէնային հարուած ստացած ու զոհուած է 1995ի ծնունդ զինուոր մը՝ Լեւոն Մուշեղի Միրզոյեան։ Դէպքին մանրամասնութիւնները պարզելու համար կը կատարուի հետաքննութիւն:
Լեռնային Ղարաբաղի պաշտպանութեան նախարարութիւնը հաղորդագրութեամբ մը յայտնած է, որ կը կիսէ կորստեան ծանր վիշտը եւ իր զօրակացութիւնը կը յայտնէ զոհուած զինուորին ընտանիքի անդամներուն, հարազատներուն եւ ծառայակիցներուն:
<<Երկիր>>ի տեղեկութիւններով՝ Լեւոնը Լեռնային Ղարաբաղի Մարտակերտ քաղաքէն էր, Միրզոյեաններու ընտանիքի կրտսեր որդին: Ան ունէր քոյր մը եւ իրենցմէ երէց եղբայր մը։ Նահատակ զինուորը պիտի զօրացրուէր աշնան:
<<Երկիր>>ը նշած է, որ ծառայութեան ընթացքին բազմաթիւ զինուորներ ընկերային ցանցերու իրենց էջերուն վրայ արձանագրութիւններ կը տեղադրէին, յատկապէս իրենց մայրերուն վերաբերող։ Նման գրառում կատարած է նաեւ նահատակ Լեւոն Միրզոյեանը. <<Բանակում նստած սեղանի դիմաց մայրերի համար խմուեց մի կենաց, էդ կենացը լի սպասումներով բարի, որ լաւ տղերքի կարօտը առնի, սրտերը բարի մեր սուրբ մայրերի, կարօտ ու արցունք երբեք չտեսնի: ԱՍՏՈՒԱԾ ՊԱՀԱՊԱՆ ԲՈԼՈՐ ԶԻՆՈՒՈՐՆԵՐԻՆ>>:
comments
ԵԽԽՎի Համազեկուցողները Կոչ Ըրին Պաքուին՝ Հայաստանէն Դուրս Բերելու Զօրքերը Եւ Ազատ Արձակելու Գերիները
Խրիմի Կամուրջի Պայթումին Գործով Ձերբակալուած Են 5 Մեղադրեալներ, Որոնցմէ Երեքը Հայ Են
Իրան Դարձեալ Յիշեցուց Ալիեւին, Թէ Պատմական Սահմաններու Փոփոխութիւնը Անընդունելի Է
Ալիեւ Հայաստանը Կը Զգուշացնէ Սադրանքներու Դիմելէ
Պրիւքսէլ Ուշադիր Կը Հետեւի Հայ-Ատրպէյճանական Սահմանագօտիի Կացութեան
Ատրպէյճան Կը Ծրագրէ Բերձորի Եկեղեցին Մզկիթի Վերածել
Անգարա Դատապարտեց ՄԱԿի Ընդհանուր Ժողովի Նախագահին Ծիծեռնակաբերդ Այցելութիւնը
Սուրիա Պիտի Դիմադրէ Իր Հողերուն Վրայ Որեւէ Թրքական Գործողութեան. Ասատ