Լօզանի փաստաթուղթը պիտի ըլլայ վերջնական փաստաթուղթին հիմը. Զարիֆ

By Asbarez | Tuesday, 07 April 2015

ԹԵՀՐԱՆ, <<Ռոյթըրզ>> - Իրանի արտաքին գործոց նախարար Մոհամմատ Ճաւատ Զարիֆ յայտնեց, որ Լօզանի փաստաթուղթին մէջ արձանագրուած լուծումներու շարքը հիւլէական թղթածրարին շուրջ բանակցութեանց վերջնական փաստաթուղթին հիմը պիտի կազմէ:


Զարիֆ աւելցուց, որ համաձայնութիւնը պէտք է մինչեւ Յուլիս ամբողջացնել:

Իր կարգին, Սէուտական Արաբիոյ Սալման թագաւորը Միացեալ Նահանգներու նախագահ Պարաք Օպամայի հետ հեռաձայնային հաղորդակցութեան ընթացքին յոյս յայտնեց, որ կարելի ըլլայ գոյացնել <<վերջնական եւ պարտադիր լուծում մը, որ կ՛առաջնորդէ շրջանին ու աշխարհին մէջ ապահովութեան եւ կայունութեան ամրապնդման>>: Օպամա նշեց, որ շրջանին մէջ խաղաղութեան ամրապնդման նկատմամբ նախանձախնդիր է եւ Ծոցի երկիրներուն ղեկավարները հրաւիրեց Միացեալ Նահանգներ՝ ապահովութեան մարզին մէջ համագործակցութեան հարցերը քննարկելու համար:

Յիշեցնենք, որ Օպամա Իրանի հետ համաձայնութիւնը <<պատմական փոխըմբռնում>> նկատեց՝ նշելով, որ Իրանի դէմ ամերիկեան պատժամիջոցները աստիճանաբար պիտի վերցուին, կատարուածը <<լաւ գործարք>> անուանելով։

Միւս կողմէ, Իսրայէլի վարչապետ Պենիամին Նեթանիահու Օպամայի հետ հեռաձայնային հաղորդակցութեան մը ընթացքին յայտնեց, որ Իրանի վերջնական համաձայնութիւնը <<սպառնալիք պիտի ըլլայ Իսրայէլի գոյատեւման>>, սակայն Օպամա նշեց, որ այդ համաձայնութիւնը <<պիտի փակէ դէպի հիւլէական ռումբ տանող ճամբան>>:

 

comments

Advertisement