Անտեսելով բողոքները՝ Էրտողան Իրան կ՛այցելէ

By Asbarez | Tuesday, 07 April 2015

ԹԵՀՐԱՆ, <<Էյ.Փի.>>.- Երեքշաբթի, Ապրիլ 7ին, Թուրքիոյ նախագահ Ռեչեփ Թայիփ Էրտողան Իրան այցելեց, հակառակ Սուրիոյ եւ Եմէնի տագնապներուն գծով երկու երկիրներուն միջեւ ծագած տարակարծութեանց եւ այցելութիւնը ջնջելու համար կատարուած կոչերուն։


Էրտողանի հետ հանդիպումէն ետք, Իրանի նախագահ Հասան Ռոհանի յայտատարեց, թէ շարք մը հարցերու շարքին քննուած է նաեւ Եմէնի տագնապը եւ շեշտուած է տագնապին խաղաղ լուծում մը գտնելու կարեւորութիւնը։

Նշենք, որ Էրտողան քննադատած էր Իրանի կարծեցեալ դերակատարութիւնը Եմէնի մէջ, պնդելով, որ իշխանութիւնը տապալած հուսիները Իրանի աջակցութիւնը կը վայելեն, միաժամանակ պնդելով, որ Իրան տարածաշրջանին վրայ տիրապետելու նպատակներ կը հետապնդէ։

Էրտողանի Իրան ժամանումէն առաջ, Իրանի խորհրդարանի Ազգային ապահովութեան եւ արտաքին քաղաքականութեան յանձնախումբի բանբեր Հիւսէյն Նաքաւի Հիւսէյնի յայտարարած էր, թէ Իրանի դիւանագիտութեան համար ամօթալի արարք պիտի ըլլայ Էրտողանի ոտքերուն տակ կարմիր գորգ փռելը։ Իրանի խորհրդարանէն մեծաթիւ երեսփոխաններ եւս պահանջած էին, որ Էրտողան ջնջէ Իրան այցելութիւնը։

Նաեւ, 65 երեսփոխաններ նամակ գրած էին Իրանի նախագահին, որ ճնշում բանեցնէ Էրտողանի վրայ, որպէսզի ան ներողութիւն խնդրէ Իրանի ժողովուրդէն։
Թրքական մամուլը 65 երեսփոխաններու կողմէ Էրտողանի դէմ գրուած նամակը <<տգեղ նախաձեռնութիւն>> որակած էր։

 

 



comments

Advertisement