By Asbarez | Tuesday, 07 April 2015
ՊՈԼԻՍ, <<Մարմարա>> - Թուրքիոյ լրատու գործակալութիւնները կը հաղորդեն, որ գլխաւոր ընդդիմադիր՝ Հանրապետական ժողովրդային կուսակցութեան ղեկավար խորհուրդը, կուսակցապետ Քեմալ Քըլըճտարօղլուի նախագահութեան տակ ժողով գումարած է, վերջնական ձեւ տալով երեսփոխանական թեկնածուներու իր ցանկին։ Այս առթիւ կարգ մը անուններ ջնջուած են. այլ անուններ արձանագրուեցան վերջին վայրկեանին։
Վերջնական ցանկը անակնկալ մըն ալ ունի հայ թեկնածուի կապակցութեամբ։ Արդարեւ, երկրորդ ընտրաշրջանի առաջին կարգին վրայ դրուած է Սելինա Էօզուզուն Տողանի անունը։ Կ՛ըսուի, որ այս անունը ընդունուեցաւ հայ համայնքի առաջարկով։
Միւս կողմէ, ցանկին վրայ դրուած էր <<Անհիմն հայկական պնդումներու դէմ պայքարի միութեան>> նախագահ Կէօքսել Կիւլպայի անունը, բայց բողոքներ եղած են այս անունին դէմ եւ այդ անունը ցանկէն դուրս հանուած է։
ՊՈԼԻՍ, <<Մարմարա>>.- Թուրքիոյ լրատու գործակալութիւնները կը հաղորդեն, որ գլխաւոր ընդդիմադիր՝ Հանրապետական ժողովրդային կուսակցութեան ղեկավար խորհուրդը, կուսակցապետ Քեմալ Քըլըճտարօղլուի նախագահութեան տակ ժողով գումարած է, վերջնական ձեւ տալով երեսփոխանական թեկնածուներու իր ցանկին։ Այս առթիւ կարգ մը անուններ ջնջուած են. այլ անուններ արձանագրուեցան վերջին վայրկեանին։
Վերջնական ցանկը անակնկալ մըն ալ ունի հայ թեկնածուի կապակցութեամբ։ Արդարեւ, երկրորդ ընտրաշրջանի առաջին կարգին վրայ դրուած է Սելինա Էօզուզուն Տողանի անունը։ Կ՛ըսուի, որ այս անունը ընդունուեցաւ հայ համայնքի առաջարկով։
Միւս կողմէ, ցանկին վրայ դրուած էր <<Անհիմն հայկական պնդումներու դէմ պայքարի միութեան>> նախագահ Կէօքսել Կիւլպայի անունը, բայց բողոքներ եղած են այս անունին դէմ եւ այդ անունը ցանկէն դուրս հանուած է։
comments
ԵԽԽՎի Համազեկուցողները Կոչ Ըրին Պաքուին՝ Հայաստանէն Դուրս Բերելու Զօրքերը Եւ Ազատ Արձակելու Գերիները
Խրիմի Կամուրջի Պայթումին Գործով Ձերբակալուած Են 5 Մեղադրեալներ, Որոնցմէ Երեքը Հայ Են
Իրան Դարձեալ Յիշեցուց Ալիեւին, Թէ Պատմական Սահմաններու Փոփոխութիւնը Անընդունելի Է
Ալիեւ Հայաստանը Կը Զգուշացնէ Սադրանքներու Դիմելէ
Պրիւքսէլ Ուշադիր Կը Հետեւի Հայ-Ատրպէյճանական Սահմանագօտիի Կացութեան
Ատրպէյճան Կը Ծրագրէ Բերձորի Եկեղեցին Մզկիթի Վերածել
Անգարա Դատապարտեց ՄԱԿի Ընդհանուր Ժողովի Նախագահին Ծիծեռնակաբերդ Այցելութիւնը
Սուրիա Պիտի Դիմադրէ Իր Հողերուն Վրայ Որեւէ Թրքական Գործողութեան. Ասատ