By Asbarez | Tuesday, 07 April 2015
ԵՐԵՒԱՆ, <<Երկիր>> - Հայաստանի հիւսիսարեւելեան ուղղութեամբ տեղակայուած Ն զօրամասի պահպանութեան տեղամասի մարտական դիրքին մէջ, ըստ նախնական տուեալներու, հակառակորդին կողմէ արձակուած կրակոցներէն ստացած հրազէնային վէրքերուն պատճառով զոհուած է աւագ ենթասպայ, 1972ի ծն-ունդ Հայկ Սարգսի Քեշիշօղլեանը:
Զոհուած աւագ ենթասպայի երեք որդիներէն մէկը կը ծառայէ Արցախի մէջ, իսկ միւսը ռազմական ուսումնարանի սան է։
Ան Արագածոտնի մարզի Նիգաւան գիւղէն էր, սակայն ընտանիքին հետ բնակութիւն հաստատած է Աշտարակ քաղաքին մէջ:
<<Երկիր>>ի տեղեկութիւններով՝ Հայկը զօրակոչային ծառայութեան ժամկէտի աւարտէն ետք անցած էր պայմանագրային ծառայութեան:
<<Երկիր>>ի հետ ունեցած զրոյցին ընթացքին Նիգաւանի գիւղապետ Արտաշ Գալստեան յայտնած է, որ Հայկ ամուսնացած էր, ունէր երեք որդի, որոնցմէ մէկը կ՛ուսանի Ռուսիա՝ ռազմական ուսումնարանին մէջ, միւս որդին ալ կը ծառայէ Ստեփանակերտի մէջ, իսկ կրտսերը դպրոցական է՝ 6րդ դասարանի աշակերտ:
Գիւղապետը նշած է, որ Ռուսիա գտնուող եւ բանակին մէջ ծառայող Հայկի որդիները մասնակցած են իրենց հօր յուղարկաւորութեան: <<Ընտանեկան վիճակը շատ ծանր էր, Աշտարակում վարձով էին բնակւում>>, յայտնած է գիւղապետը։
comments
ԵԽԽՎի Համազեկուցողները Կոչ Ըրին Պաքուին՝ Հայաստանէն Դուրս Բերելու Զօրքերը Եւ Ազատ Արձակելու Գերիները
Խրիմի Կամուրջի Պայթումին Գործով Ձերբակալուած Են 5 Մեղադրեալներ, Որոնցմէ Երեքը Հայ Են
Իրան Դարձեալ Յիշեցուց Ալիեւին, Թէ Պատմական Սահմաններու Փոփոխութիւնը Անընդունելի Է
Ալիեւ Հայաստանը Կը Զգուշացնէ Սադրանքներու Դիմելէ
Պրիւքսէլ Ուշադիր Կը Հետեւի Հայ-Ատրպէյճանական Սահմանագօտիի Կացութեան
Ատրպէյճան Կը Ծրագրէ Բերձորի Եկեղեցին Մզկիթի Վերածել
Անգարա Դատապարտեց ՄԱԿի Ընդհանուր Ժողովի Նախագահին Ծիծեռնակաբերդ Այցելութիւնը
Սուրիա Պիտի Դիմադրէ Իր Հողերուն Վրայ Որեւէ Թրքական Գործողութեան. Ասատ