Չաւուշօղլու կ՛առաջարկէ «հասարակաց ցաւի վրայ բարեկամութիւն կառուցել»

By Asbarez | Tuesday, 07 April 2015

 

 

ՊՈԼԻՍ - Թուրքիոյ արտաքին գործոց նախարար Մեւլուտ Չաւուշօղլու <<Հապերթիւրք>>ի հետ ունեցած հարցազրոյցի մը ընթացքին անդրադարձած է <<1915ի դէպքերու>> 100ամեակին:


<<Ամէն տեղ, ուր կ՛այցելենք, պէտք եղած նախազգուշացումները կը կատարենք: Եւրոպայի խորհրդարանի նախագահ Մարթին Շուլց Թուրքիա պիտի այցելէ, անոր ալ պիտի հանդիպինք: Եւրոպական խորհրդարանին տալիք որոշումը մեզի համար նշանակութիւն պիտի չունենայ>>, ըսած է ան:


<<Բազմաթիւ պետութիւններու հետ բանակցութիւնները կը շարունակենք: Մենք խաղաղութիւն կ՛ուզենք. կ՛ուզենք, որ հասարակաց ցաւի վրայ բարեկամութիւն կառուցուի: Մեր դեսպանները, դիւանագէտ ընկերները ջանքեր կը գործադրեն: Հայաստան պէտք է տեսնէ, որ այսպէս շարունակելը անօգուտ է, այդպէս պիտի չշարունակուի>>, աւելցուցած է Չաւուշօղլու:

 

comments