«Հայ կիները զէնք վերցուցած են Թրքական զօրքերուն եւ Քիւրտ հրոսակներուն դէմ». Քլոէ Քարտաշեան

By Asbarez | Thursday, 09 April 2015


ԵՐԵՒԱՆ, <<Երկիր>>- Քլոէ Քարտաշեան Ինսթակրամի իր էջին վրայ Մայր Հայաստանի արձանին առջեւ նկարուած նկարը տեղադրելով գրած է հետեւեալը. <<Այսօր Երեւանի մէջ այցելեցինք Մայր Հայաստանի յուշարձան: Մայր Հայաստանի արձանը կը խորհրդանշէ խաղաղութիւն՝ ուժի միջոցով: Ես կրնամ էջս այցելողներուն յիշեցնել հայոց պատմութեան մէջ առկայ նշանաւոր կին գործիչներու մասին, որոնք զէնք վերցուցած են՝ օգնելու իրենց ամուսիններուն թրքական զօրքերու եւ քիւրտ հրոսակներու դէմ պայքարելու: Ես կին եմ, լսեցէք իմ ճիչս: Օրհնուած եմ՝ հոս ըլլալով>>:


comments

Advertisement