Քարտաշեան քոյրերը այցելած են վարչապետ Աբրահամեանին

By Asbarez | Thursday, 09 April 2015


 

ԵՐԵՒԱՆ, <<Երկիր>> - Հայաստանի վարչապետ Յովիկ Աբրահամեան 9 Ապրիլին ընդունած է Քարտաշեան ընտանիքի անդամները: Ողջունելով հիւրերը՝ վարչապետը կարեւոր նկատած է Քարտաշեան ընտանիքին ներդրումը Մեծ Եղեռնի միջազգային ճանաչման ու դատապարտման գործին մէջ եւ Հայոց Ցեղասպանութեան 100ամեակի նախաշեմին Հայաստան անոնց այցելութիւնը:

Յովիկ Աբրահամեան ընդգծած է այն փաստը, որ Քարտաշեան ընտանիքը, ինչպէս նաեւ աշխարհասփիւռ հայութիւնը, չեն մոռնար իրենց արմատները եւ պատմական հայրենիք այցելութեամբ աւելի ճանաչելի կը դարձնեն Հայաստանը:

Քարտաշեանները ընդունելութեան համար շնորհակալութիւն յայտնած են վարչապետին եւ նշած, որ տպաւորուած են Հայաստանով ու մարդոց ջերմ վերաբերումով: Հիւրերը տեղեկացուցած են, որ կը նախատեսեն շրջագայիլ Հայաստանի պատմական տարբեր վայրեր՝ պատմամշակութային ժառանութեան ծանօթանալու եւ իրենց նախնիներուն հայրենիքը բացայայտելու նպատակով: Քոյրերուն համաձայն՝ իրենք երկար ատեն երազած են պատմական հայրենիք այցելել եւ երջանիկ են, որ կը գտնուին իրենց երազի երկիրին մէջ:

Անոնք ներողութիւն խնդրած են հանդիպման հայերէն չխօսելնուն համար եւ նշած, որ այժմ մայրենի լեզուն սորվելու ճիգի մէջ են: Քարտաշեանները ընդգծած են, որ այսուհետեւ ալ պիտի շարունակեն աշխոյժ կերպով պայքարիլ Հայոց Ցեղասպանութեան միջազգային ճանաչման ու դատապարտման համար եւ կարեւոր նկատած են այդ հարցին շուրջ համայն հայութեան համախմբման գործօնը:

Հանդիպման աւարտին վարչապետ Աբրահամեան Քարտաշեան ընտանիքի անդամներուն նուիրած է Հայոց Ցեղասպանութեան 100ամեակը խորհրդանշող անմոռուկներ։

 

 


comments

Advertisement