Քիմ Քարտաշեան պտըտած է Երեւանի մէջ

By Asbarez | Thursday, 09 April 2015

ԵՐԵՒԱՆ, <<Երկիր>>.- Քիմ Քարտաշեանի հարիւրաւոր երկրպագուները կը շարունակեն հսկել <<Մարիոթ>> պանդոկին տարածքը, ուր իջեւանած է Քիմը: Ամերիկահայ աստղը Հայաստան գտնուած առաջին օրը արդէն իսկ այցելած է տարբեր վայրեր. առաւօտեան ան իր քոյրերուն հետ այցելած է Քասքադ, իսկ յետմիջօրէին՝ Գեղարդ վանական միջնադարեան համալիր՝ իր ամուսնոյն եւ զաւակին հետ։ Երկու պարագաներուն ան անոր կ՛ընկերակցէին մեծ թիւով աշխատակիցներ եւ նկարահանողներ, որոնք յատուկ ֆիլմաշար կը պատրաստեն այս այցելութեան առիթով։

Մինչ այդ, Հայաստան հասնելէ քանի մը ժամ ետք Քիմ Քարտաշեանը արձանագրութիւններ տեղադրած էր Դիմատետրի եւ Ինսթակրամի իր էջերուն վրայ։ Հրապարակելով լուսանկար՝ Քարտաշեան գրած է. <<Հայաստա՛ն, մենք այստեղ ենք: Այնքան երջանիկ ենք սկսելու մեր կեանքի ճամբորդութիւնը: Շնորհակալութիւն բոլոր անոնց, որոնք ողջունեցին մեզ: Ես անհամբեր եմ ուսումնասիրելու մեր երկիրն ու ճաշակելու համեղ ուտեստներ: Իմ հայրս եւ պապիկս այնքան հպարտ պիտի ըլլային>>:

 

comments

Advertisement