Թուրքիոյ «Ժամանակակից Իրաւաբաններու Միութիւնը» ներողութիւն խնդրած է Հայերէն

By Asbarez | Thursday, 09 April 2015

 

Թուրքիոյ <<Ժամանակակից իրաւաբաններու միութեան>> (ԺԻՄ-ÇHD) իզմիրեան մասնաճիւղը ներողութիւն խնդրած է հայերէն` Հայոց ցեղասպանութեան համար: Այս մասին ermenihaber.am-ին հաղորդած է թրքական <> լրատուական կայքի թղթակից Հրանդ Գասպարեան:

Ապրիլ 9-ին Իզմիրի փաստաբաններու պալատի ծրագրած <<Ընդդէմ Հայոց ցեղասպանութեան պնդումներուն. վերջ տանք հարիւրամեայ սուտին>> խորագիրով ժողովը բողոքի ալիք բարձրացուցած է Իզմիրի իրաւաբաններու շրջանին մէջ: Ի պատասխան պետական ժխտողական քաղաքականութիւնը որդեգրած փաստաբաններու պալատի նշեալ նախաձեռնութեան` Իզմիրի ԺԻՄ-ը հրապարակած է յայտարարութիւն մը, որով ճանչցած է Հայոց ցեղասպանութիւնը եւ ներողութիւն խնդրած հայ ժողովուրդէն:

Յայտարարութեան մէջ մասնաւորապէս կ’ըսուի.

<<Իզմիրի փաստաբաններու պալատը 2015թ. Ապրիլ 9-ին <<Ընդդէմ Հայոց ցեղասպանութեան պնդումներուն. վերջ տանք հարիւրամեայ սուտին>> խորագիրով ժողով կը կազմակերպէ:

Իրաւաբանական կազմակերպութեան կողմէ մարդկութեան դէմ իրականացուած այնպիսի յանցագործութեան թեմայով, ինչպիսին ցեղասպանութեանն է, պաշտօնական գաղափարախօսութեան տարածումն ու ազգայնամոլութեան թոյնի գովազդումը մեզի հարկադրեցին հանդէս գալու յատուկ յայտարարութեամբ: Անկէ հարիւր տարի առաջ Օսմանեան կայսրութեան մէջ հայերու նկատմամբ <<Տեղահանութիւն>> անուան տակ իրականացուած գործողութիւնը ցեղասպանութիւն էր:

Իբրեւ Իզմիրի փաստաբաններ` մենք թոյլ չենք տար, որպէսզի քօղարկուի կամ մոռցուի հայ ժողովուրդին հանդէպ իրականացուած Ցեղասպանութիւնը: Մենք հայ ժողովուրդէն ներողութիւն կը խնդրենք այն փաստաբաններու պալատի անունէն, որուն անդամ ենք>>:

 


comments