Թուրքիա կ՛ուզէ միջնորդի դեր խաղալ Եմէնի տագնապին մէջ

By Asbarez | Wednesday, 08 April 2015

 

ՄՈՍԿՈՒԱ.- <<ՌԻԱ Նովոսթի>> կը հաղորդէ, որ Թուրքիոյ արտաքին գործոց նախարար Մեւլուտ Չաւուշօղլու յայտարարած է, թէ Թուրքիա կրնայ իր ներդրումը ունենալ Եմէնի տագնապին լուծում մը գտնելու ջանքերուն մէջ՝ բանակցութիւններուն ընթացքին իբրեւ միջնորդ հանդէս գալով:


<<Թուրքիա կրնայ կարեւոր դեր կատարել Եմէնի տագնապին խաղաղ լուծում մը գտնելու հարցին մէջ, եթէ տագնապին կողմերը համաձայն գտնուին: Մենք պէտք է լուծենք զայն՝ հիմնուելով Եմէնի տարածքային ամբողջականութեան վրայ>>, յայտարարած է Չաւուշօղլու, պնդելով, որ Թուրքիա <<մեծ փորձառութիւն ունի տարբեր տագնապներու խաղաղ լուծման գործին մէջ>>:

Զինուորական գետնի վրայ, մինչ Եմէնի նախագահ Ապտռապպօ Մանսուր Հատիի համակիր ցեղախումբերու ուժերը, <<Վճռորոշ փոթորիկ>> արշաւի օդանաւերուն աջակցութեամբ, Ապրիլ 7ին կը շարունակեն դէմ դնել Ատենի պատմական թաղամասերը գրաւելու հուսիներու ջանքերուն։ Հուսիները Ատենի նաւահանգիստն ու քաղաքին շարք մը շրջաններ գրաւած էին մէկ օր առաջ:

 


comments

Advertisement