55օրեայ հացադուլ Ցեղասպանութեան հարիւրամեակին առիթով

By Asbarez | Wednesday, 08 April 2015

 

 

ՊԸՐՊԵՆՔ, <<Կլենտէյլ Նիուզ Փրէս>> - Կլենտէյլի բնակիչ Աղասի Վարդանեան Ապրիլ 3ին, Սրբոց Ղեւոնդեանց Մայր տաճարին առջեւ տեղադրուած ապակեայ խուցի մը մէջ 55օրեայ հացադուլի մը սկսած է Հայոց Ցեղասպանութեան հարիւրամեակին առիթով։


55ամեայ Վարդանեան տասնամեակ մը առաջ 50օրեայ հացադուլ մը կատարած էր Հայոց Ցեղասպանութեան 90ամեակին առիթով։

Անոր այս նախաձեռնութեան նեցուկ կը կանգնի <> կազմակերպութիւնը, որուն նախագահն է Յարութ Սասունեան։
Հացադուլին սկսած է առաջնորդ Յովնան արք. Տէրտէրեանի օրհնութեան աղօթքով։

Հացադուլին կարելի է հետեւիլ www.cahna.org կայքէն։

 


comments

Advertisement