Ցեղասպանութեան 100ամեակին նուիրուած դրոշմաթուղթ Ուրուկուէյի մէջ

By Asbarez | Wednesday, 08 April 2015

 

Նախաձեռնութեամբ Ուրուկուէյի մօտ ՀՀի պատուոյ հիւպատոս Ռուբէն Աբրահամեանի եւ մեր գաղութի առաջնորդ Յակոբ արք. Գըլնճեանի, Ապրիլ 7ին, երկրիս արտաքին գործոց նախարարութեան գլխաւոր հանդիսասրահին մէջ, ներկայութեամբ արտաքին գործոց նախարար Ռուտոլֆօ Նին Նովօայի, զբօսաշրջութեան նախարար Լիլիան Քէշիշեանի, Մոնթեվիտէոյի քաղաքապետ Աննա Օլիվերայի, ՀՀ դեսպան Ալեքսան Յարութիւնեանի, ինչպէս նաեւ երկրիս խորհրդարանէն բազմաթիւ պատգամաւորներու, Ուրուկուէյի մօտ դիւանագիտական ներկայացուցիչներու եւ մեծ թիւով ներկաներու, տեղի ունեցաւ Հայոց Ցեղասպանութեան 100ամեակին նուիրուած եւ Ուրուկուէյի նամակատան եւ հեռագրատան պետական կառոյցի կողմէ լոյս ընծայուած յատուկ դրոշմաթուղթի պաշտօնական ներկայացումը:

Արտաքին գործոց նախարար Նովօա հաստատեց Ուրուկուէյի պետութեան անվերպահ զօրակցութիւնը Հայ Դատին եւ Հայոց Ցեղասպանութեան միջազգային ճանաչումի ի նպաստ տարուող աշխատանքներու մէջ:

Բոլոր խօսք առնող անձնաւորութիւնները, զբօսաշրջութեան նախարարը, մեր գաղութի առաջնորդ սրբազանը, նամակատան եւ հեռագրատան տնօրէնը, հաստատեցին թէ Ուրուկուէյը, իբրեւ մարդկային իրաւունքներու յառաջամարտիկ, միշտ հայ ազգի կողքին պիտի մնայ իր արդար իրաւունքներու ձեռք բերման պայքարին մէջ:

Վերջաւորութեան նոր դրոշմաթուղթերը կնքուեցան եւ առաջին օրինակները յանձնուեցան կարգ մը պաշտօնական անձնաւորութիւններու:

 

comments

Advertisement