Ուաշինկթըն պիտի արագացնէ «վճռորոշ փոթորիկ»ին զէնքի մատակարարումը

By Asbarez | Thursday, 09 April 2015

Ատենէն փախուստ տուող եմէնցիներ

 

ԱՏԵՆ, Եմէն, <<Ա.Էֆ.Փէ.>>.- Միացեալ Նահանգներու արտաքին գործոց փոխնախարար Էնթընի Պլինքըն յայտարարեց, որ իր երկիրը պիտի արագացնէ Եմէնի մէջ սէուտական ղեկավարութեամբ արաբական դաշնակից ուժերուն զէնքի մատակարարումը, միաժամանակ, ամերիկեան գաղտնի սպասարկութիւններուն ապահոված յաւելեալ տեղեկութիւններ պիտի փոխանցէ, նպաստելու համար զինուորական գործողութեան։


Չորեքշաբթի, Ապրիլ 8ին, Ռիատ իր այցելութեան ընթացքին, Պլինքըն Եմէնի քաղաքական կողմերուն կոչ ուղղեց <<բոլորին համար ընդունելի քաղաքական լուծումի մը շուրջ համաձայնութիւն գոյացնելու>>:

Ռիատի մէջ, ան Սէուտական Արաբիոյ արտաքին գործոց, պաշտպանութեան եւ ներքին գործոց նախարարներուն հետ հանդիպում ունենալուն կողքին, հանդիպում ունեցաւ նաեւ Ռիատ ապաստանած Եմէնի նախագահ Ապտռապպօ Մանսուր Հատիի հետ: Միացեալ Նահանգներու արտաքին գործոց նախարարութեան բանբերը աւելի ուշ յայտնեց, որ հանդիպումը կու գայ վերահաստատելու, որ Հատի կը շարունակէ մնալ Եմէնի օրինական նախագահը:

Մինչ այդ, իրանեան ծովուժի թիւ 34 տորմիղի երկու մարտանաւերը ուղղուեցան Ատենի ծոց եւ Պապ Մանտեպի նեղուց, երաշխաւորելու համար իրանեան նաւերու ապահովութիւնը ու պահպանելու համար միջազգային ջուրերուն մէջ Իրանի շահերը: Իրանեան ծովուժի հրամանատար, ծովակալ Հապիպուլլահ Սիարի յայտնեց, որ այս առաքելութիւնը մօտաւորապէս երեք ամսուան վրայ պիտի երկարի:

Միւս կողմէ, Իրանի արտաքին գործոց նախարար Մոհամմետ Ճաւատ Զարիֆ յայտարարեց. <<Մենք Եմէնի մէջ ոչ մէկ կողմի դիրքերը կը ռմբակոծենք, այլ աշխատանք կը տանինք զինադադարի հաստատման ուղղութեամբ>>:

Յայտնենք, թէ ՄԱԿի Ապահովութեան խորհուրդին մէջ կը շարունակուին ճնշումները՝ վաւերացնելու համար Ծոցի երկիրներուն կողմէ ներկայացուած բանաձեւը, որ կը պահանջէ հուսիներու <<Անսարուլլահ>> շարժումին հեռացումը մայրաքաղաք Սանաայէն ու բոլոր շրջաններէն, զորս առած է իր վերահսկողութեան տակ, ինչպէս նաեւ արգիլել հուսիներու զէնքի մատակարարումը: Բանաձեւը որեւէ ակնարկ չի կատարեր արաբական դաշնակից ուժերուն կողմէ կատարուող օդային հարուածներուն:

Ռուսիոյ արտաքին գործոց նախարար Սերկէյ Լաւրով քննադատեց Եմէնի մէջ արաբ դաշնակից ուժերու օդային հարուածները եւ նշեց, որ անոնք Ապահովութեան խորհուրդին կը դիմեն օդային հարուածներու արտօնութիւն ստանալու համար, երբ արդէն այդ հարուածները կը գործադրեն: Ան նշեց, որ Ռուսիա չի կրնար տագնապի կողմերէն մէկուն զօրակցիլ կամ անոնցմէ մէկը ապօրինի նկատել:

ՄԱԿի մօտ Ռուսիոյ ներկայացուցիչ Վիթալի Չուրքին իր կարգին նշեց, որ Ապահովութեան խորհուրդին ներկայացուած բանաձեւը հաւասարակշռուած չէ:

 


comments

Advertisement