By Asbarez | Thursday, 09 April 2015
ՀՌՈՄ, <<Արմէնփրէս>> - Պաշտօնական այցելութեամբ Իտալիա գտնուող Հայաստանի նախագահ Սերժ Սարգսեան հանդիպում ունեցած է Իտալիոյ պաշտպանութեան նախարար Ռոպերթա Փինոթիի հետ, պաշտպանութեան նախարարութեան կեդրոնին մէջ, ուր կազմակերպուած տեսագրեալ ժողովին ընթացքին հաստատած է, որ հայերը պարտական են լիբանանցիներուն։ Ժողովը կատարուած է Լիբանանի մէջ ՄԱԿի հովանիին տակ խաղաղապահ միացեալ գործողութիւն իրականացնող հայ եւ իտալացի զինուորներուն հետ. նախագահ Սարգսեան նշած է, որ Լիբանանի մէջ խաղաղապահները առաքելութիւն ունին կատարելիք:
<<Մենք պարտք ունենք լիբանանցիներին վերադարձնելու, թէեւ երբեք չենք կարողանայ փոխհատուցել այն, ինչը նրանք արեցին Ցեղասպանութիւնից մազապուրծ մեր քոյրերի եւ եղբայրների համար. նրանք ոչ միայն հնարաւորութիւն տուեցին մեր հայրենակիցներին ապրելու իրենց երկրում, այլ նաեւ պահպանելու իրենց ինքնութիւնը, ազգային արժանապատուութիւնը: Ես հպարտ եմ ու մի քիչ էլ յուզուած, որ այսօր ճակատագիրն այս հնարաւորութիւնը տուել է մեր զինուած ուժերին, եւ այս հնարաւորութեան անմիջական կատարողները դուք էք>>, յայտնած է Հայաստանի ղեկավարը:
Սերժ Սարգսեան խորհրդանշական նկատած է այն, որ Իտալիա իր այցելութիւնը սկսած է Իտալիոյ պաշտպանութեան նախարարին հետ կայացած իւրայատուկ հանդիպումով եւ տեսագրեալ ժողովով, ինչ որ կը նշանակէ, որ հայ-իտալական յարաբերութիւններուն մէջ ռազմական փոխգործակցութիւնը ունի իր իւրայատուկ տեղը: <<Տասնմէկ տարի առաջ, ղեկավարուելով անվտանգութեան ոլորտում կոլեկտիւ պատասխանատուութեան գիտակցումով, մենք սկսեցինք մասնակցել խաղաղապահ առաքելութիւններում: Առաջինը Կոսովոն էր եւ, հաշուի առնելով փորձի յաջողուած լինելը, մենք շարունակեցինք այն Իրաքում, Աֆղանստանում եւ հիմա էլ ձեր անմիջական մասնակցութեամբ՝ Լիբանանում: Ուզում եմ յատուկ շեշտել Լիբանանում իրականացուող առաքելութեան կարեւորութիւնը մեզ համար. Լիբանանը ոչ միայն շատ հեռու պատմական ժամանակներում, այլ նաեւ հիմա մեզ համար բարեկամ երկիր է: Ես նաեւ հպարտ եմ, իտալացի զինուորականներից, իսկ աշխարհին յայտնի է, որ իտալացիները լաւ զինուորներ են, լաւ սպաներ են, գոհ են ձեր ծառայութիւնից: Ես շատ ուրախացայ, երբ քիչ առաջ Պաշտպանութեան նախարարն ասաց, որ դուք լաւ էք ծառայում: Շնորհակալ եմ>>, շեշտած է նախագահ Սարգսեան։
Ան հայ զինուորներուն ուղղած իր խօսքին մէջ շեշտած է, որ Լիբանանի մէջ կատարելով իրենց վստահուած առաքելութիւնը, անոնք իրենց աւանդը կ՛ունենան ոչ միայն տարածաշրջանին մէջ, այլ ամբողջ աշխարհի մէջ խաղաղութիւնը պահպանելու աշխատանքին, ինչ որ շատ կարեւոր առաքելութիւն է։
comments
ԵԽԽՎի Համազեկուցողները Կոչ Ըրին Պաքուին՝ Հայաստանէն Դուրս Բերելու Զօրքերը Եւ Ազատ Արձակելու Գերիները
Խրիմի Կամուրջի Պայթումին Գործով Ձերբակալուած Են 5 Մեղադրեալներ, Որոնցմէ Երեքը Հայ Են
Իրան Դարձեալ Յիշեցուց Ալիեւին, Թէ Պատմական Սահմաններու Փոփոխութիւնը Անընդունելի Է
Ալիեւ Հայաստանը Կը Զգուշացնէ Սադրանքներու Դիմելէ
Պրիւքսէլ Ուշադիր Կը Հետեւի Հայ-Ատրպէյճանական Սահմանագօտիի Կացութեան
Ատրպէյճան Կը Ծրագրէ Բերձորի Եկեղեցին Մզկիթի Վերածել
Անգարա Դատապարտեց ՄԱԿի Ընդհանուր Ժողովի Նախագահին Ծիծեռնակաբերդ Այցելութիւնը
Սուրիա Պիտի Դիմադրէ Իր Հողերուն Վրայ Որեւէ Թրքական Գործողութեան. Ասատ