ՀՅԴի ներկայացուցիչները հանդիպում ունեցած են Հայաստանի մօտ Գերմանիոյ դեսպանին հետ

By Asbarez | Thursday, 09 April 2015

 

ԵՐԵՒԱՆ, <<Երկիր>> - 9 Ապրիլին ՀՅԴ Բիւրոյի քաղաքական ներկայացուցիչ Արմէն Ռուստամեան եւ ՀՅԴ Գերագոյն մարմինի անդամ Արծուիկ Մինասեան հանդիպում ունեցած են Հայաստանի մէջ Գերմանիոյ դեսպան Ռայնըր Մորելի հետ:


Հանդիպումը յաջորդած էր ՀՅԴ Հայաստանի Երիտասարդական եւ <<Նիկոլ Աղբալեան>> Ուսանողական միութիւններու անդամներուն կատարած բողոքի ցոյցին։ Ուստի, քննարկման հիմնական նիւթերը եղած են Հայոց Ցեղասպանութեան 100ամեակին նուիրուած նախաձեռնութիւնները, անոնց նախապատրաստման եւ իրականացման առնչուած հարցերը, ինչպէս նաեւ ՀՅԴի՝ որպէս Հայ Դատը հետապնդող հիմնական կուսակցութեան, գաղափարախօսութիւնը:

ՀՅԴի տեսակէտը հետաքրքրած է Մորելը, որ ուզած է աւելի հիմնաւորեալ կերպով ծանօթանալ կուսակցութեան պատկերացումներուն, հատուցման, պահանջատիրութեան հիմքերուն եւ խնդիրներուն:

ՀՅԴի ներկայացուցիչները մանրամասնօրէն ներկայացուցած են այդ հարցին առնչուած կուսակցութեան մօտեցումները:

Մորել ներկայացուցած է նաեւ այն հաւանական արձագանգները, զորս կրնայ ունենալ Թուրքիան եւ ունի մերժողականութեան ու ժխտողականութեան քաղաքականութեան տրամաբանութեան մէջ:

Ան նշած է, որ Գերմանիոյ խորհրդարանը բանաձեւ ընդունած է Հայոց Ցեղասպանութեան մասին: Բովանդակութեան մէջ թէեւ չկայ <<ցեղասպանութիւն>> եզրը, սակայն ներածական մասին մէջ անիկա կայ, բացի անկէ, մանրամասն կերպով ներկայացուած է ցեղասպանական քաղաքականութեան բնորոշ գործողութիւնները: Շատ կարեւոր է, որ նշուած է նաեւ ժամանակին կատարուած ոճրագործութեան առումով Գերմանիոյ պատասխանատուութեան մասին:

Դեսպանը աւելցուցած է, որ այս հարցը պէտք չէ դիտուի միայն որպէս անցեալին առնչուող խնդիր: Այդ մասին պէտք է խօսիլ, եւ այս հարցին համապատասխան ուշադրութիւն դարձնելը միջազգային հանրութեան պարտաւորութիւններէն է՝ 100ամեակի ծիրին մէջ։

Գերմանիոյ դեսպանը դիտել տուած է, որ Գերմանիոյ օրէնսդիր եւ գործադիր մարմիններու ներկայացուցիչներէն կազմուած միացեալ պատուիրակութիւն մը Հայաստան պիտի այցելէ եւ քննարկումներ կատարէ Ապրիլ 24ի նախաշեմին։ Այս առնչութեամբ Գերմանիոյ խորհրդարանին մէջ քննարկում պիտի կատարուի:


comments