Եմէնի ժողովուրդը երկխօսութեամբ պիտի ճշդէ իր ճակատագիրը . Ռոհանի

By Asbarez | Friday, 10 April 2015

 

 

ԹԵՀՐԱՆ, <<Ռոյթըրզ>>.- Իրանի նախագահ Հասան Ռոհանի Իրանի մէջ հիւլէական ճարտարագիտութեան օրուան առիթով իր արտասանած խօսքին մէջ յայտնեց. <<Եմէնը ռմբակոծելու ուղիին դիմելը սխալ է եւ անկէ պէտք է ետդարձ կատարուի>>, հարց տալով. <<Եթէ շրջանին մէջ կայունութեան հաստատման կը ձգտիք, ապա ինչո՞ւ աջակցեցաք ահաբեկչութեան եւ գրգռութեան ուղին որդեգրեցիք>>:


Ռոհանի ըսաւ, որ Եմէնի ժողովուրդը ռմբակոծումէն պիտի չընկճուի, կոչ ուղղելով <<անոնց>>, որ եմէնցիներու միջեւ երկխօսութեան եւ ինքնորոշման մթնոլորտ պատրաստեն:

Անդրադառնալով իր երկրին հիւլէական թղթածրարին շուրջ Վեցեակին հետ Լօզանի մէջ կնքուած համաձայնութեան նախագիծին, ան ըսաւ. <<Այն ինչ որ Վեցեակին հետ բանակցութիւններէն ստացանք՝ մեր հիւլէական խաղաղ գործունէութեան իրաւունքին կառչելու յաղթանակն է: Համաձայնութիւնը պիտի ստորագրենք միայն, եթէ պատժամիջոցները ամբողջական կերպով եւ անմիջապէս վերցուին>>:

<<Բարեկամութեան եւ սիրոյ ձեռք կ՛երկարենք բոլոր անոնց, որոնք կ՛ուզեն մեզի հետ գործակցիլ փոխադարձ յարգանքով>>, ըսաւ Իրանի նախագահը:

Իր կարգին, Իրանի գերագոյն հոգեւոր պետ այաթոլլա Ալի Խամենէի յայտարարեց, որ Միացեալ Նահանգներու հետ բանակցութիւնները <<միայն հիւլէական թղթածրարին շուրջ է>> եւ անկէ անկախ՝ Իրանի ներքին, շրջանային կամ միջազգային կացութեան վերաբերող որեւէ հարցի շուրջ երկխօսութիւն չկայ: Ան ընդգծեց, որ Իրան իր զինուորական կեդրոններու կամ զինուորական ճարտարարուեստի կեդրոններու խուզարկում պիտի չարտօնէ եւ գոյանալիք որեւէ համաձայնութիւն <<պէտք չէ դիմադրութեան ճակատին մէջ մեր բարեկամները թիրախ դարձնէ>>:

Անդրադառնալով Եմէնի իրադարձութիւններուն, Խամենէի ըսաւ, որ Ռիատ <<Եմէնի վրայ յարձակելով սխալ գործեց եւ շրջանին մէջ վատ նախադէպ մը հաստատեց>>: Ան սէուտական ղեկավարութեամբ զինուորական գործողութիւնը նմանցուց Կազայի մէջ Իսրայէլի իրագործած զինուորական գործողութեան եւ զայն ոճիր ու հաւաքական սպանդ նկատեց:

Խամենէի յայտարարեց. <<Ռիատ Եմէնի մէջ հարուած մը պիտի ստանայ եւ անոր քիթը գետին պիտի քսուի, իսկ Միացեալ Նահանգները, որ Սէուտական Արաբիոյ կ՛աջակցի, իր կարգին հարուած պիտի ստանայ եւ պարտութիւն պիտի կրէ Եմէնի մէջ>>: Ան Ռիատի քայլը վերագրեց Սէուտական Արաբիոյ <<անփորձ երիտասարդներու>>ն, որոնք տիրացած են իշխանութեան:

Միւս կողմէ, Միացեալ Նահանգներու արտաքին գործոց նախարար Ճան Քերի յայտարարեց, որ Ուաշիկթըն Իրանին պիտի չարտօնէ Եմէնի մէջ զինուորական տագնապին միջամտելու: <<Մենք ճակատում չենք փնտռեր, սակայն պիտի չլքենք մեր դաշնակիցները: Մենք պիտի շարունակենք աջակցիլ անոնց, որոնք վտանգ կը զգան Իրանի հաւանական գործողութիւններէն>>, յայտարարած է ան:

 

 


comments

Advertisement