Եւրասիական միասնական դրամանիշը այսօրուան հարց չէ. Լուքաշենքօ

By Asbarez | Friday, 10 April 2015

 

ՄԻՆՍԿ - Պելոռուսի նախագահ Ալեքսանտր Լուքաշենքօ <<Պլումպըրկ>>ի հետ հարցազրոյցի մը ընթացքին յայտարարած է, որ Եւրասիական տնտեսական միութեան մէջ միասնական դրամանիշի որդեգրումը <<այսօրուան հարց չէ, այլ օրակարգի վերջին կէտը պէտք է ըլլայ>>։


<<Տակաւին այնքան շատ են Եւրասիական տնտեսական միութեան խնդիրներն ու մարտահրաւէրները, որ հարց է, թէ պիտի ապրի՞նք մինչեւ այդ միասնական դրամանիշը>>, ըսած է ան: Լուքաշենքօ նաեւ յայտարարած է, որ իր երկիրը երբեք Ռուսիոյ մէկ մասնիկը պիտի չդառնայ, եւ Ռուսիոյ ղեկավարութիւնը այդպիսի առաջարկ չէ ըրած:

 


comments

Advertisement