By Asbarez | Friday, 10 April 2015
ԵՐԵՒԱՆ, <<Երկիր>> - Ֆրանսիս պապը, Հայ կաթոլիկ եկեղեցւոյ Հայրապետական Սինոտի (բարձրաստիճան հոգեւորական ժողով) արքեպիսկոպոսներուն հետ հանդիպման ընթացքին կոչ ըրած է <<ողջամիտ համաձայնութեան>> հասնիլ Հայոց Ցեղասպանութեան հարցով: Հռոմի պապը ցանկութիւն յայտնած է <<բուժելու վէրքերը եւ արագացնելու ժողովուրդներու միջեւ խաղաղութեան ու հաշտեցման հաստատումը>>: Ան արքեպիսկոպոսներուն յայտնած է, որ պատարագին ընթացքին պիտի աղօթէ զոհերու յիշատակին:
Նշենք, որ Հայ կաթոլիկ եկեղեցւոյ Հայրապետական Սինոտի արքեպիսկոպոսները Վատիկան ժամանած են ներկայ գտնուելու Կիրակի, Ապրիլ 12ին կայանալիք ու Հայոց Ցեղասպանութեան 100ամեակին նուիրուած պատարագին, որ պիտի մատուցուի Ֆրանսիս պապին կողմէ:
Վատիկան ժամանած են նաեւ Հայոց Առաքելական եկեղեցւոյ երկու վեհափառ հայրերը:
comments
ԵԽԽՎի Համազեկուցողները Կոչ Ըրին Պաքուին՝ Հայաստանէն Դուրս Բերելու Զօրքերը Եւ Ազատ Արձակելու Գերիները
Խրիմի Կամուրջի Պայթումին Գործով Ձերբակալուած Են 5 Մեղադրեալներ, Որոնցմէ Երեքը Հայ Են
Իրան Դարձեալ Յիշեցուց Ալիեւին, Թէ Պատմական Սահմաններու Փոփոխութիւնը Անընդունելի Է
Ալիեւ Հայաստանը Կը Զգուշացնէ Սադրանքներու Դիմելէ
Պրիւքսէլ Ուշադիր Կը Հետեւի Հայ-Ատրպէյճանական Սահմանագօտիի Կացութեան
Ատրպէյճան Կը Ծրագրէ Բերձորի Եկեղեցին Մզկիթի Վերածել
Անգարա Դատապարտեց ՄԱԿի Ընդհանուր Ժողովի Նախագահին Ծիծեռնակաբերդ Այցելութիւնը
Սուրիա Պիտի Դիմադրէ Իր Հողերուն Վրայ Որեւէ Թրքական Գործողութեան. Ասատ