Սաօ Փաուլօն եւ Լաւալ քաղաքը Ցեղասպանութեան բանաձեւներ կը վաւերացնեն

By Asbarez | Friday, 10 April 2015

ԵՐԵՒԱՆ, ՄՈՆԹՐԷԱԼ, <<Նիուզ>>, <<Հորիզոն>> - Ապրիլ 8ին, Պրազիլի մեծագոյն՝ Սաօ Փաուլօ նահանգի խորհրդարանը վաւերացուցած է թիւ 1266/2014 բանաձեւը, Ապրիլ 24ը հռչակելով <<Հայ ժողովուրդի ցեղասպանութեան ճանաչման եւ զոհերու յիշատակման օր>>:


Ըստ Հայաստանի արտաքին գործոց նախարարութեան՝ նախագիծի հեղինակն է նահանգային պատգամաւոր Փետրօ Թոպիաս: Սաօ Փաուլոյի բնակչութեան թիւը մօտաւորապէս 44 միլիոն է, որ երկրի բնակչութեան 20 տոկոսն է: Նահանգը նաեւ կը նկատուի Հարաւային Ամերիկայի ամենամեծ վարչական միաւորը:


Նաեւ, Քանատայի Լաւալ քաղաքի Հայ Դատի յանձնախումբը կը հաղորդէ, որ Լաւալի քաղաքապետական խորհուրդը Ապրիլ 7ին պաշտօնապէս ճանչցած է Հայոց Ցեղասպանութիւնը: Սեն Տորոթէ շրջանի ներկայացուցիչ Ռէյ Խալիլ, ծագումով հայ լաւալցի բազմաթիւ քաղաքացիներու ներկայութեան, առաջարկած է իւրաքանչիւր տարուան Ապրիլ 24ը նշել իբրեւ այդ Ցեղասպանութեան յիշատակման օր, առ ի զօրակցութիւն Լաւալի հայ համայնքին: Բանաձեւը միաձայնութեամբ վաւերացուած է քաղաքապետական խորհուրդին կողմէ:

Նշենք, որ Հոկտեմբեր 2013ին, <<Յոյսը>> խորագիրով յուշարձան մը զետեղուեցաւ Լաւալի քաղաքակեդրոնին հողատարածքի մը վրայ, նուիրուած՝ Հայոց Ցեղասպանութեան 1.5 միլիոն զոհերուն: 400,000 բնակչութիւն ունեցող Լաւալ քաղաքը, Քեպեք նահանգի երրորդ մեծագոյն քաղաքն է:


comments

Advertisement