Ռմբակոծումներ Սուլայմանիէ թաղամասին վրայ. «Սիմոն Վրացեան» կեդրոնը վնասուած

By Asbarez | Monday, 13 April 2015

ՀԱԼԷՊ - Պէյրութի մեր գործակից <<Ազդակ>> թերթի խմբագրութիւնը կապ հաստատած է Հալէպի իր գործընկերներուն հետ, որոնք հաստատա’ են, որ Սուլայմանիէ թաղամասի վերջին ռմբակոծումներուն իբրեւ հետեւանք վնասուած է <<Սիմոն Վրացեան>> կեդրոնը, ուր ժամանակաւորապէս փոխադրուած էր Հալէպի Ազգային Առաջնորդարանը։

<<Ազդակ>>ի վերջին տեղեկութիւններուն համաձայն, կան հայ վիրաւորներ, որոնց կեանքին վտանգի չի սպառնար։

Երեւանի <<երկիր Մեդիա>> հեռատեսիլի կայանի լրագրողը կապ հաստատելով <<Գանձասար>> թերթի խմբագիր Զարմիկ Պօղիկեանին հետ, յաւելեալ տեղեկութիւններ ստացած է անկէ Հալէպի վերջին իրադարձութեանց մասին:

Զարմիկ Պօղիկեան յայտնած է, որ բացի <<Սիմոն Վրացեան>> կեդրոնի կրած վնասներուն, քանդուած է նաեւ Հայ կաթողիկե եկեղեցւոյ շէնքերը, կան հայ 8 վիրաւորներ: Ամբողջութեամբ կործանած են 5 բազմայարկ շէնքեր։

 


comments