Թուրքիոյ եւ Իրանի արտաքին գործոց նախարարները Եմէնի հարցով պիտի հանդիպին

By Asbarez | Monday, 13 April 2015

 

 

ԱՆԳԱՐԱ, <<Ռոյթըրզ>>- Թուրքիոյ արտաքին գործոց նախարարութեան բանբեր Թանշու Պիլկիչ յայտնեց, որ Թուրքիոյ արտաքին գործոց նախարար Մեւլուտ Չաւուշօղլու եւ Իրանի անոր պաշտօնակից Մոհամմատ Ճաւատ Զարիֆ յառաջիկայ օրերուն հանդիպում պիտի ունենան՝ քննելու համար Եմէնի տագնապը լուծելու ջանքերը:
<<Թուրքիա կը յուսայ, որ հուսիները պիտի հեռանան իրենց գրաւած շրջաններէն, վերադարձնեն ծանր զէնքերը, ճանչնան օրինական նախագահը եւ երկխօսութեան հոլովոյթի մը ձեռնարկեն>>, ըսաւ Պիլկիչ՝ աւելցնելով, որ Թուրքիոյ նախագահ Ռեչեփ Թայիփ Էրտողան, Թեհրան իր այցելութեան ընթացքին, իրանցի ղեկավարներուն փոխանցած է Եմէնի հարցին վերաբերեալ Անգարայի դիրքորոշումը:
Մինչ այդ, Փաքիստանի խորհրդարանը Եմէնի տագնապին չմիջամտելու շուրջ բանաձեւ մը որդեգրեց, լարուածութիւն մը յառաջացնելով Իսլամապատի եւ Ծոցի արաբական երկիրներուն միջեւ, որոնք հուսիներու դէմ իրենց պայքարին միանալու կոչ ըրած էին Փաքիստանի։

 

comments

Advertisement