Լիբանանի մէջ Սէյրան Օհանեան հանդիպում ունեցած է Հայ խաղաղապահներուն հետ

By Asbarez | Monday, 13 April 2015

 

ԵՐԵՒԱՆ, <<Նիուզ>>.– 11 Ապրիլին պաշտօնական այցելութեամբ Լիբանան հասած Հայաստանի պաշտպանութան նախարար Սէյրան Օհանեան այցելած է ՄԱԿի ՖԻՆԻՒԼի առաքելութեան կեդրոնակայան եւ հանդիպում ունեցած է Լիբանանի մէջ տեղակայուած ՖԻՆԻՒԼի միջազգային խաղաղապահ ուժերու հրամանատար զօր. Լուչիանօ Փորթոլանոյի հետ։


Հանդիպման ընթացքին քննարկուած են ՖԻՆԻՒԼի առաքելութեան կազմին մէջ հայ խաղաղապահներու ծառայութեան, միջազգային առաքելութիւններուն մէջ Հայաստանի ընդգրկուածութեան, Լիբանանի մէջ հայ խաղաղապահներու թիւի յաւելումին կապուած եւ երկկողմանի հետաքրքրութիւն ներկայացնող այլ հարցեր:
ՖԻՆԻՒԼի առաքելութեան կեդրոնին մէջ Հայաստանի պաշտպանութեան նախարարին գլխաւորած պատուիրակութիւնը հանդիպում ունեցած է հայ խաղաղապահներուն հետ, ծանօթացած է ծառայութեան պայմաններուն եւ հայ խաղաղապահներուն կատարած առաջադրանքներուն:

Սէյրան Օհանեան կարեւոր նկատած է Լիբանանի մէջ ՄԱԿի հովանիին տակ հայ խաղաղապահներու առաքելութիւնը եւ շնորհակալութիւն յայտնած անոնց ծառայութեան համար:

Այցելութեան ընթացքին պաշտպանութեան նախարարը Կիրակի, 12 Ապրիլին հանդիպում ունեցած է նաեւ լիբանանահայ գաղութի ներկայացուցիչներուն հետ։ Սէյրան Օհանեան անդրադարձած է հայ խաղաղապահներու առաքելութեան, հայկական բանակին դիմաց դրուած առաջադրանքներուն, անոր պատրաստուածութեան, սահմանային լարուածութեան, Հայոց Ցեղասպանութեան 100ամեակին, հայրենիք-Սփիւռք կապի ամրապնդման եւ այլ հարցերու: Համայնքի ներկայացուցիչները կարեւոր նկատած են հայկական զօրախումբի ներկայութիւնը Լիբանանի մէջ՝ շնորհակալութիւն յայտնելով Լիբանանի մէջ խաղաղութեան պահպանման ջանքերուն Հայաստանի ներդրումին համար:

Լիբանանահայութեան ներկայացուցիչներուն հետ կայացած հանդիպումին ընթացքին Հայաստանի պաշտպանութեան նախարարը լիբանանեան <<Ազդակ>> օրաթերթի խմբագիր Շահան Գանտահարեանը պարգեւատրած է <<Դրաստամատ Կանայեան>> մետալով:

 


comments

Advertisement