By Asbarez | Monday, 13 April 2015
ԵՐԵՒԱՆ - Յայտնի ռեփըր Քանյէ Ուեսթ, Կիրակի, 12 Ապրիլի գիշերը բացօթեայ համերգ մը տուաւ Երեւանի Կարապի լիճին շուրջ։ Ան մեկնաբանեց <<Stronger>>, <<Jesus Walks>>, <<Power>>, <<Touch the Sky>>, <<All of the Lights>> երգերէն հատուածներ, իսկ համերգի եզրափակիչ երգին՝ <<Good Life>> երգին ընթացքին ան անակնկալի բերաւ բոլորը՝ նետուելով Կարապի լիճը: Երգիչին հետեւեցաւ Կարապի լիճին շուրջ գտնուող մեծաթիւ երկրպագուներէն խումբ մը: Ստիպուած ջուր մտան նաեւ ոստիկանները եւ ապահովութեան պատասխանատուները։
Քանյէ Ուեսթի համերգին ընթացքին անոր կատարած անսպասելի քայլին անդրադարձած են միջազգային մամուլն ու լրատուամիջոցները։
<<Ան փորձեց քալել ջուրին վրայէն։ Քանիէ Ուեսթ անակնկալի բերաւ հայաստանցի երկրպագուները՝ Երեւանի մէջ տուած յանպատրաստից համերգ տալով լիճին կեդրոնը>>, գրած է բրիտանական <<Տէյլի Մէյլ>> պարբերաթերթը:
Պարբերականը նշած է, որ 21 անգամ <<Կրեմմի>> շահած Ուեսթ ցատկեց լիճին մէջ՝ անակնկալի բերելով ոստիկանութիւնն ու ազգային անվտանգութեան աշխատակիցները, որոնք անմիջապէս կասեցուցին համերգը:
<<Լիճին մէջ համերգը քանի մը վայրկեան տեւեց, բայց Քանյէն, անշուշտ, շատ բան տուաւ հայերուն իբրեւ յիշատակ>>, գրած է <<Տէյլի Մէյլ>>։
Ամերիկեան հեղինակաւոր <<Սի.Էն.Էն.>> պատկերասփիւռի կայանը եւս անդրադարձած է Ուեսթի այս խենթ քայլին: Հաղորդավարուհին ըսած է, թէ արդէն Ուեսթի արարքներէն չի զարմանար։ Ան ծիծաղով նշած է, որ <<Թուիթըր>>ի վրայ մարդիկ նոյնիսկ Կարապի լիճին ջուրը կը ծախեն, որովհետեւ Քանյէն լիճին մէջ եղած է:
Բրիտանական <<Պի.Պի.Սի.>>ն եւս հրապարակած է Ուեսթի՝ ջուրը ցատկելու տեսանիւթը: <<Խենթացած երկրպագուները երեւանեան լիճին մէջ գրոհած են Քանյէ Ուես>>չ, դիտել տուած է ռուսական <<NTV>>ին։
Բրիտանական այլ լրատուամիջոց մը՝ <<Սքայ Նիուզ>>ը հաղորդած է, թէ Քանյէն արկածախնդրութեան դիմած է՝ հայկական լիճին մէջ աճպարարութիւն ընելով։
<<Երբ անվճար համերգը տեղափոխուեցաւ ուղիղ լիճին մէջ, քաոսային վիճակ ստեղծուեցաւ, շատեր ջուրին մէջ շրջապատեցին Քանյէ Ուեսթը>>, յայտնած է ամերիկեան <<Էն. Պի. Սի. Նիուզ>>ը։
Քանյէ Ուեսթի ջուրը ցատկելուն արձագանգած է նաեւ անոր զոքանչը՝ Քրիս Ճեննըրը՝ <<Թուիթըր>>ի իր էջին վրայ՝ գրելով. <<Այո՛, ըրաւ ատիկա։ Իր յանպատրաստից համերգին ժամանակ, <<Կուտ լայֆ>> երգը մեկնաբանելու ընթացքին Քանյէ Ուեսթը ցատկեց ջուր: Կը սիրեմ այդ տղան>>։
Քիմ Քարտաշեան իր կարգին գրած է, որ, թէեւ շատ անհանգիստ էր, բայց անիկա ուղղակի տպաւորիչ եւ խենթ գիշեր էր:
<<Այնքան ուրախ եմ, որ Հայաստանի մէջ մեր վերջին գիշերը զուարճացանք բոլորս>>, հաստատած էր ան։
Քիմ Քարտաշեան իր ընտանիքին հետ Երկուշաբթի առաւօտեան աւարտած է Հայաստան տուած իր այցելութիւնը եւ մեկնած է Հայաստանէն։
comments
ԵԽԽՎի Համազեկուցողները Կոչ Ըրին Պաքուին՝ Հայաստանէն Դուրս Բերելու Զօրքերը Եւ Ազատ Արձակելու Գերիները
Խրիմի Կամուրջի Պայթումին Գործով Ձերբակալուած Են 5 Մեղադրեալներ, Որոնցմէ Երեքը Հայ Են
Իրան Դարձեալ Յիշեցուց Ալիեւին, Թէ Պատմական Սահմաններու Փոփոխութիւնը Անընդունելի Է
Ալիեւ Հայաստանը Կը Զգուշացնէ Սադրանքներու Դիմելէ
Պրիւքսէլ Ուշադիր Կը Հետեւի Հայ-Ատրպէյճանական Սահմանագօտիի Կացութեան
Ատրպէյճան Կը Ծրագրէ Բերձորի Եկեղեցին Մզկիթի Վերածել
Անգարա Դատապարտեց ՄԱԿի Ընդհանուր Ժողովի Նախագահին Ծիծեռնակաբերդ Այցելութիւնը
Սուրիա Պիտի Դիմադրէ Իր Հողերուն Վրայ Որեւէ Թրքական Գործողութեան. Ասատ