«Միջազգային լրատուամիջոցներում Հայոց Ցեղասպանութեան նկատմամբ աննախընթաց հետաքրքրութիւն կայ». Կիրօ Մանոյեան

By Asbarez | Monday, 13 April 2015

 

 

ԵՐԵՒԱՆ, <<Երկիր>> - 12 Ապրիլին Հռոմի Սուրբ Պետրոս տաճարին մէջ Ֆրանսիս պապին կողմէ Հայոց Ցեղասպանութեան զոհերու յիշատակին մատուցուած Ս. Պատարագին եւ պապին՝ 1915ի կոտորածը <<20րդ դարու առաջին Ցեղասպանութիւնը>> նկատելուն առնչութեամբ արտայայտուած է ՀՅԴ Բիւրոյի անդամ Կիրօ Մանոյեան:


<<Երկիր>>ին հետ ունեցած զրոյցին ընթացքին ան դիտել տուած է, որ, բացի Հռոմի պապին արտասանած <<ցեղասպանութիւն>> եզրէն, Ս. պատարագին ընթացքին կարեւոր էր նաեւ հայաստանեայց առաքելական եկեղեցւոյ երկու վեհափառներուն խօսքը՝ ուղղուած ամբողջ աշխարհին: <<Հռոմի պապի արտասանած <<ցեղասպանութիւն>> տերմինը աննախադէպ չէ: Դա տեղի է ունեցել Յովհաննէս-Պօղոս պապի եւ Գարեգին Բ. կաթողիկոսի համատեղ յայտարարութեան մէջ նաեւ: Ֆրանցիսկոս պապի՝ Կիրակի օրուայ ուղերձում կար յղում դրան>>, ըսած է Մանոյեան՝ աւելցնելով. <<Այստեղ նորութիւնն այն է, որ Հռոմի պապն անդրադարձաւ նաեւ միւս քրիստոնեայ ժողովուրդների ցեղասպանութիւններին, որոնք միեւնոյն ժամանակ կատարուեցին Օսմանեան կայսրութեան կողմից: Պապը Հայոց Ցեղասպանութիւնը համարեց 20րդ դարի առաջին ցեղասպանութիւնը եւ անդրադարձաւ ժխտման քաղաքականութեանը>>։


Կիրօ Մանոյեանի բնորոշմամբ՝ նաեւ կարեւոր ու աննախընթաց էր այն, որ Հայ առաքելական եկեղեցւոյ վեհափառ հայրապետները կարելիութիւն ունեցան աշխարհին ուղղելու իրենց խօսքը՝ արտայայտելով հայ ժողովուրդին զգացումներն ու ակնկալութիւնները։ <<Արամ Առաջինը շատ լաւ հռետոր է, բայց նուազ կարեւոր բաներ չասաց նաեւ Գարեգին Երկրորդ կաթողիկոսը՝ անդրադառնալով Ադրբեջանի եւ Թուրքիայի կողմից Հայաստանի շրջափակմանը, Արցախին եւ այլն: Երկու կաթողիկոսներն էլ հարազատօրէն ներակայացրեցին հայութեան մտածումները, զգացումներն ու ակնկալիքները աշխարհից>>:

ՀՅԴ Բիւրոյի անդամը անդրադարձած է նաեւ Թուրքիոյ՝ իր դեսպանը տուն կանչելու հանգամանքին՝ նշելով. <<Դա աւելի շատ պէտք է իրենց մտահոգի, իրենք այդ քայլով յաւելեալ ուշադրութիւն հրաւիրեցին Հայոց Ցեղասպանութեան հարցի վրայ, ցոյց տուեցին, որ իրենք իրականում խուճապի են մատնուած եւ չգիտեն՝ ինչ անեն, պարզապէս ուզում են իրենց դժգոհութիւնը արտայայտած լինել: Թուրքիայի վարչապետի այն դիտարկումը, թէ Հռոմի պապը կողմերից մէկի ցաւին է անդրադարձել, իսկ միւսին՝ ոչ, նոյնն է, ինչ նարինջն ու խնձորն իրար հետ համեմատելը, որովհետեւ եթէ Օսմանեան կայսրութեան մէջ մուսուլմանները նոյնպէս սպաննուել են, դրա հետ հայերը կապ չունեն, հայերը չեն դրա մեղաւորը>>, յայտնած է Մանոյեան:

Ան նաեւ նշած է, որ Հայոց Ցեղասպանութեան նախօրեակին տեղի ունեցող իրադարձութիւնները (Քիմ Քարտաշեանի այցելութիւնը Հայաստան, <>ի նախատեսուած այցելութիւնը, պետական նախաձեռնութիւնները եւ այլն) նոյն մեխին կը խփեն, եւ իսկապէս արդէն աննախադէպ հետաքրքրութիւն կայ միջազգային լրատուամիջոցներուն մէջ Հայաստանի եւ Հայոց Ցեղասպանութեան նկատմամբ:

 


comments

Advertisement