Պաշտօնական Անգարան արձագանգած է Ֆրանսիս Պապի խօսքերուն

By Asbarez | Monday, 13 April 2015

 

 

ԱՆԳԱՐԱ, <<Արմէնփրէս>> -  Թուրքիոյ արտաքին գործոց նախարարութիւնը (ԱԳՆ), որ պապի Կիրակի օրուան Հայոց Ցեղասպանութիւնը ճանչցող յայտարարութենէն անմիջապէս ետք իր Վատիկանի դեպսանը ետ կանչած էր, նոյն յայտարարութեան լոյսին տակ հրապարակած է հաղրդագրութիւն մը, որուն մէջ կ՛ըսէ, թէ համայն կաթոլիկներու հոգեւոր առաջնորդին խօսքերը <<որեւէ աղերս չունին պատմական եւ իրաւական իրողութիւններու հետ>>:


Թուրքիոյ ԱԳՆը մեղադրած է Հռոմի պապը <<ցաւերուն միջեւ խտրականութիւն դնելու, ընտրողական մօտեցումով Առաջին Աշխարհամարտի տարիներուն զոհուած թուրք եւ իսլամ ժողովուրդներու կրած ցաւերը անտեսելով՝ միայն քրիստոնեաներու եւ, մասնաւորապէս, հայերու ցաւերը առաջ քաշելուն մէջ>>: Թրքական արտաքին քաղաքական գերատեսչութեան հաղորդագրութեան մէջ Վատիկանը կը մեղադրեն <<մատուցուած պատարագին ընթացքաին պատմութիւնը քաղաքական գործիք դարձնելուն>> մէջ:

<<Ցեղասպանութիւնը իրաւական հասկացութիւն է: Հռոմի Ֆրանսիս պապը իր խօսքին մէջ Պոսնիոյ եւ Ռուանտայի՝ միջազգային դատարաններուն կողմէ որպէս <<ցեղասպանութիւն>> բնորոշուած ցաւալի դէպքերը որակած է որպէս <<զանգուածային կոտորած>>, իսկ դատական որեւէ որոշում չունեցող 1915 թուականի դէպքերը՝ ցեղասպանութիւն: Այս հակասութիւնը արդարութեան եւ բարոյականութեան հասկացութիւններով մեկնաբանելը անհնար է>>, կը նշուի յայտարարութեան մէջ:

Թուրքիոյ ԱԳՆէն յայտնած են, որ իրենք կը մերժեն Հռոմի պապի նման դիրքորոշումը եւ կը համարեն զայն <<խտրականութիւն պարունակող եւ կողմնակալ>>: Պաշտօնական Անգարան յայտնած է նաեւ, որ այս մասին իրենց մտահոգութիւնները յայտնած են Թուրքիոյ մօտ Վատիկանի դեսպանին եւ քննարկումներու համար Սուրբ Աթոռէն ետ կանչած են նաեւ Թուրքիոյ դեսպան Մեհմեթ Փաչաճըն:

 

comments

Advertisement