Թուրքիայէն կը պահանջենք Հայոց Ցեղասպանութեան ճանաչում ու հատուցում. Արամ Ա.

By Asbarez | Monday, 13 April 2015

 

 

ՎԱՏԻԿԱՆ, ԱՆԹԼԻԱՍ.- Կիրակի, Ապրիլ 12ի առաւօտ, Վատիկանի Ս. Պետրոս տաճարին մէջ, օտար թէ հայ հազարաւոր ներկաներու մասնակցութեամբ տեղի ունեցած պատարագին ընթացքին, Ֆրանսիս պապը խօսք առնելով, յիշեց Հայոց Ցեղասպանութիւնը։ Իր պատգամը ուղղեց Գարեգին Բ. վեհափառը, որ իր խօսքին մէջ անդրադարձաւ Հայոց Ցեղասպանութեան եւ անոր դատապարտումին ու ճանաչումին կարեւորութեան: Խօսք առաւ նաեւ Հայ կաթողիկէ եկեղեցւոյ հոգեւոր պետ Ներսէս Պետրոս պատրիարքը: Ան խօսեցաւ Գրիգոր Նարեկացիի մասին, որ պատարագին ընթացքին պապին կողմէ հռչակուած էր <<Եկեղեցւոյ Վարդապետ>>. տիտղոս մը որ պատմութեան ընթացքին Կաթոլիկ եկեղեցւոյ կողմէ քիչերուն է տրուած:

Իր կարգին խօսք առնելով, Արամ Ա. կաթողիկոս ըսաւ. <<Հայոց Ցեղասպանութիւնը պատմական անհերքելի եւ անուրանալի իրողութիւն մըն է՝ անջնջելի կերպով արձանագրուած 20րդ դարու պատմութեան տարեգրութեան մէջ եւ հայ ժողովուրդի հաւաքական յիշողութեան մէջ: Հետեւաբար, որեւէ փորձ զայն ջնջելու կամ ուրանալու ձգտող՝ պիտի ձախողի>>: Շարունակելով իր խօսքը, նորին սրբութիւնը ըսաւ. <<Օսմանեան թուրք կառավարութիւնը ծրագրուած ու կազմակերպուած ցեղասպանութիւն մը գործադրեց հայ ժողովուրդին դէմ: Ո՛չ միայն մէկ ու կէս միլիոն հայեր ջարդուեցան, այլ նաեւ հազարաւոր եկեղեցիներ, վանքեր, ազգապատկան կալուածներ՝ ներառեալ Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Սիսի կաթողիկոսարանը, կողոպտուեցան, քանդուեցան կամ բռնագրաւուեցան>>: Ապա վեհափառ հայրապետը ըսաւ. <<Ցեղասպանութիւնը ոճիր է մարդկութեան դէմ, միջազգային օրէնքին համաձայն: Ցեղասպանութեան ճանաչումը, դատապարտումը եւ հատուցումը իրարու հետ սերտօրէն շաղախուած են միջազգային օրէնքին համաձայն: Մենք Ցեղասպանութեան ճանաչում ու հատուցում կը պահանջենք, այլ խօսքով՝ արդարութիւն: Արդարութիւնը աստուածատուր իրաւունք է. արդարութեան բռնաբարումը մեղք է Աստուծոյ նկատմամբ>>:


Անդրադառնալով Ֆրանսիս պապի պատարագին սկիզբը կատարած յայտարարութեան, թէ <<Հայոց Ցեղասպանութիւնը 20րդ դարու առաջին ցեղասպանութիւնն է>>, կաթողիկոսը իր երախտագիտութիւնը այտնեց եւ յիշեցուց, որ Պենետիքթ 15րդ պապը 1915ի ջարդերուն ընթացքին նամակ յղած էր սուլթանին, հայ ժողովուրդին դէմ կատարուած ջարդերը դադրեցնելու: Ապա, վեհափառը գնահատանքով յիշեց հայ ժողովուրդի արդար դատին նկատմամբ Վատիկանի ցուցաբերած զօրակցութիւնը Ցեղասպանութեան յաջորդող տարիներուն:

Յայտնենք, որ Արամ Ա. կաթողիկոս իր խօսքի առաջին բաժինին մէջ հայերէնով արտայայտուեցաւ, յիշելով նահատակներուն դերը եկեղեցւոյ կեանքին ու վկայութեան մէջ, նաեւ անդրադառնալով Ս. Գրիգոր Նարեկացիին որպէս մեծ աստուածաբան:

Հայոց Ցեղասպանութեան առնչուած իր խօսքի երկրորդ բաժինը վեհափառը արտայայտուեցաւ անգլերէնով: Ցեղասպանութեան մասին երբ կը խօսէր կաթողիկոսը, անոր խօսքը յաճախակի կերպով ծափողջոյններով ընդմիջուեցաւ:

Նշենք, որ Արամ Ա. կաթողիկոս հայկական, իտալական ու ֆրանսական մամլոյ ներկայացուցիչներուն հետ հակիրճ հարցազրոյց մը ունենալով, խոր գոհունակութեամբ անդրադարձաւ պապի յայտարարութեան, շեշտելով որ եկեղեցին արդարութեան ու մարդկային իրաւանց հետ պէտք է ըլլայ միշտ:

Պապի յայտարարութիւնը մեծ աղմուկ ստեղծեց միջազգային մամուլին մէջ: Տեղական թէ միջազգային մամուլները լայնօրէն անդրադարձան պապին կատարած յայտարարութեան եւ Թուրքիոյ հակազդեցութեան:

 


comments