Տաւութօղլու անյարմար կը նկատէ Պապի յայտարարութիւնը

By Asbarez | Monday, 13 April 2015

 

ԵՐԵՒԱՆ, <<Երկիր>> - Անդրադառնալով Ֆրանսիս պապի այն յայտարարութեան, թէ Հայոց Ցեղասպանութիւնը 20րդ դարու առաջին ցեղասպանութիւնն է, Թուրքիոյ վարչապետ Ահմետ Տաւութօղլու Երկուշաբթի, Ապրիլ 13ին, պապը մեղադրած է <<միակողմանի եւ անհամաչափ մօտեցում>> ցուցաբերելու յանցանքով:
<<Այդ յայտարարութիւնները պապին յարմար չէին: Ան տեղի կու տայ Եւրոպայի մէջ տիրող ցեղապաշտութեան: Անոր յայտարարութիւնները միակողմանի եւ անհամաչափ էին: Ցաւերուն միակողմանի նայիլը սխալ է: Չյարմարեցաւ Հռոմի պապին ու անոր դիրքին: Անիմաստ է արխիւները բանալ անոնց առջեւ, որոնց սիրտերը փակ են>>, յայտարարած է Թուրքիոյ վարչապետը:


Միւս կողմէ, <<Մարմարա>> կը գրէ, թէ Ս. Պետրոս տաճարին մէջ Ցեղասպանութեան 100ամեակին նուիրուած Ս. պատարագը եւ պապին ելոյթը անմիջապէս յայտնուած են տեղական լրատուամիջոցներու գլխաւոր լուրերու շարքին։

<<Հիւրրիյէ>>չ գրած է. <<Կաթոլիկներու հոգեւոր առաջնորդ Ֆրանսիս Ա. պապը 1915ի դէպքերու զոհեալներու յիշատակին, Վատիկանի մէջ մատուցուած Ս. պատարագին ընթացքին յայտարարեց որ 20րդ դարու առաջին ցեղասպանութեան զոհերը հայերը եղած են>>։
Անգլերէնով լոյս տեսնող <<Հիւրրիյէթ Տէյլի Նիւզ>>ը մէջբերած է պապի ելոյթէն հետեւեալ հատուածը. <<Նախորդ դարուն ընթացքին մարդկութիւնը ապրած է զանգուածային եւ իր նմանը չունեցող երեք ողբերգութիւններ։ Առաջինը՝ որ կը նկատուի 20րդ դարու առաջին ցեղասպանութիւնը, տեղի ունեցաւ ձեր՝ հայերուն հետ>>։

<<Ռատիքալ>> գրած է, թէ առաջին անգամ չէ, որ Ֆրանսիս պապը թուրքերուն կողմէ հայերու դէմ կատարուածը <<ցեղասպանութիւն>> կոչած է։
Պատարագէն կարճ անդրադարձ մը կատարած է նաեւ <<Անատոլու>> գործակալութիւնը, կրկնելով պապի յայտարարութիւնը։

<<Ճիհան>>, <<Սի.Էն.Էն. Թիւրք>>, <<Զաման>>, <<Տողան>>, <<Հապերլեր>> լրատու գործակալութիւնները եւս անդրադարձած են լուրին։

 

comments