Թուրքիա կը մեկուսացուի ՆԱԹՕի մէջ. «Նիւ Եորք Թայմզ»

By Asbarez | Tuesday, 14 April 2015

 

 

ՆԻՒ ԵՈՐՔ - <<Նիւ Եորք Թայմզ>> օրաթերթը կը գրէ, թէ մինչ Թուրքիոյ արտաքին գործոց նախարարութեան պաշտօնական կայքին մէջ կը շեշտուի, որ երկրի ապահովական հարցերուն մէջ ՆԱԹՕին վերապահուած է առանցքային դերակատարութիւն, այդ դաշինքին մէջ Թուրքիոյ դերը այնքան անորոշ չէ եղած, որքան հիմա:

Թերթը լուսարձակի տակ առած է Թուրքիոյ հետ կապուած երեք հարցեր, որոնք վնաս կը հասցնեն ՆԱԹՕի սկզբունքներուն. անոնք են.
- Ինքզինք <<Իսլամական պետութիւն>> կոչող ահաբեկչական կազմակերպութեան դէմ պայքարին ոչ բաւարար մասնակցութիւնը.
- ՆԱԹՕի համակարգերուն չհամապատասխանող չինական հակահրթիռային համակարգեր գնելու մտադրութիւնը
- Ուքրանիոյ նկատմամբ Ռուսիոյ քայլերուն վերաբերեալ բաւական յստակ դիրքորոշում չարտայայտելը:

Նշուած է նաեւ, որ Թուրքիոյ նախագահ Ռեչեփ Թայիփ Էրտողանն ու երկրի կառավարութիւնը, որոնք ՆԱԹՕի հետ ամբողջական համագործակցութիւն չեն իրականացներ, բացայայտ կերպով դաշինքին սկզբունքներուն ու շահերուն հակասող դիրքորոշումներ որդեգրած են:

Թերթի քննադատութիւններէն զերծ չեն մնացած նաեւ վերջերս սերտացող ռուս-թրքական յարաբերութիւնները եւ Թուրքիոյ տարածքով ռուսական կազատար կառուցելու համաձայնութիւնը:


 


comments