Շարլ Ազնաւուր Ապրիլ 24ին Հայաստան պիտի ըլլայ

By Asbarez | Tuesday, 14 April 2015

 

 

ՓԱՐԻԶ.- Շառլ Ազնաւուր Հայոց Ցեղասպանութեան 100ամեակին առթիւ Ապրիլ 24ին Հայաստան պիտի ըլլայ: Այս մասին ան յայտարարած է ֆրանսական Europe 1 հեռատեսիլի կայանին տուած հարցազրոյցի ընթացքին:

Հարցումին, թէ կա՞ն արդեօք փոփոխութիւններ Հայոց Ցեղասպանութեան ընկալումներուն մէջ, Հռոմի Պապի ելոյթէն ետք, Ազնաւուր պատասխանած է. <<Ոչ, բայց ամէն ինչ պէտք է փոխուի եւ հաստատ պիտի փոխուի: Օր մը երիտասարդութիւնը ոտքի պիտի կանգնի, որովհետեւ երիտասարդութիւնը չի ցանկանար արեան բիծ ունենալ իր ճակատին եւ ապրիլ ատով 100 տարի>>:

Ան նաեւ նշած է, որ իր նպատակը թուրքերը հալածելը չէ, այլ որ անոնք ալ Հայկական հարցին պէտք է վերաբերին այնպէս, ինչպէս ինք կը վերաբերի:


 

comments