Վատիկան իր վրայէն նետեց 100ամեայ հոգեբանական բեռը. Մահճուպեան

By Asbarez | Tuesday, 14 April 2015

 

 

ԵՐԵՒԱՆ, <<Էրմենիահապեր>> - Թուրքիոյ վարչապետի գլխաւոր խորհրդական Էթյէն Մահճուպեան թրքական <<Քարար>> լրատուակայքին տուած հարցազրոյցին մէջ անդրադարձած է Հայոց Ցեղասպանութեան զոհերու յիշատակին նուիրուած Վատիկանեան պատարագին ընթացքին Հռոմի Ֆրանսիս պապի ելոյթին, որուն ընթացքին ան ըսած էր, թէ 20րդ դարու առաջին ցեղասպանութիւնը հայերուն դէմ կատարուած է:

Մահճուպեան նշած է, որ մինչ Պոսնիոյ կամ Տարֆուրի դէպքերը ցեղասպանութիւն կը համարուին, անկարելի է պնդել, թէ 1915ի դէպքերը ցեղասպանութիւն չէին:
<<Վատիկան իր վրայէն նետեց հարիւրամեայ հոգեբանական ծանրութիւնը: Հիմա պէտք է հակառակ կողմէն նայիլ հարցին եւ ոչ թէ հարցնել, թէ ինչու է օգտագործուած ցեղասպանութիւն բառը, այլ՝ թէ ինչպէս Վատիկան 100 տարի խուսափած է այդ բառէն: Վատիկանը կրնար աւելի կանուխ ընել այդ մէկը, բայց չէր ըրած>>:
Ան նշած է նաեւ, որ պապի խօսքերուն մէջ քաղաքական կողմ փնտռելը սխալ է, քանի որ թէ՛ հայերուն համար եւ թէ օտարներուն անիկա աւելի շատ հոգեբանական նշանակութիւն ունի:
100 տարի անց, պապին կողմէ <<ցեղասպանութիւն>> բառի օգտագործումը, ըստ Մահճուպեանի էական նշանակութիւն չունի:
<<Սակայն կարեւորը այդ բառը չէ: Կարեւորը անցեալէն դասեր քաղելով միասին ապագայ կերտելն է: Կարեւոր է 100 տարի առաջ տեղի ունեցածին միասին նայիլ: Կարեւոր է այսօր, այստեղ ապրող մարդոց իրարու հասկաընալն ու հաղորդակցիլը>>, ընդգծած է Տաւութօղլուի խորհրդականը:


 

comments

Advertisement