By Asbarez | Tuesday, 14 April 2015
ԵՐԵՒԱՆ, <<Երկիր>> - ՄԱԿի ընդհանուր քարտուղար Պան Քի Մուն անդրադարձած է Ֆրանսիս պապին կողմէ Հայոց Ցեղասպանութեան մասին յայտարարութեան, նշելով, որ Օսմանեան կայսրութենէն հայերու տեղահանութիւնը <<գազանաբարոյ յանցագործութիւն>> էր, սակայն չէ օգտագործած <<ցեղասպանութիւն>> եզրը։ Ան նաեւ բոլոր երկիրներուն կոչ ըրած է համագործակցելու, 100 տարի առաջ տեղի ունեցած դէպքերուն վերաբերեալ փաստերը հաստատելու հարցին մէջ:
Պան Քի Մունի դիրքորոշումը լրագրողներուն փոխանցած է անոր ներկայացուցիչը, որ նշած է, թէ ՄԱԿը <<առ ի գիտութիւն ընդունած է>> պապին յայտարարութիւնը։ Ան ըսած է, որ Պան Քի Մուն գիտէ, որ Ապրիլ 24ին, Հայաստանի եւ այլ երկիրներու մէջ պիտի նշուին <<1915ի ողբերգական դէպքերու 100ամեակը>>, ինչպէս նաեւ <<կը գիտակցի տեղի ունեցածին որակման հարցի զգայուն ըլլալուն>>:
comments
ԵԽԽՎի Համազեկուցողները Կոչ Ըրին Պաքուին՝ Հայաստանէն Դուրս Բերելու Զօրքերը Եւ Ազատ Արձակելու Գերիները
Խրիմի Կամուրջի Պայթումին Գործով Ձերբակալուած Են 5 Մեղադրեալներ, Որոնցմէ Երեքը Հայ Են
Իրան Դարձեալ Յիշեցուց Ալիեւին, Թէ Պատմական Սահմաններու Փոփոխութիւնը Անընդունելի Է
Ալիեւ Հայաստանը Կը Զգուշացնէ Սադրանքներու Դիմելէ
Պրիւքսէլ Ուշադիր Կը Հետեւի Հայ-Ատրպէյճանական Սահմանագօտիի Կացութեան
Ատրպէյճան Կը Ծրագրէ Բերձորի Եկեղեցին Մզկիթի Վերածել
Անգարա Դատապարտեց ՄԱԿի Ընդհանուր Ժողովի Նախագահին Ծիծեռնակաբերդ Այցելութիւնը
Սուրիա Պիտի Դիմադրէ Իր Հողերուն Վրայ Որեւէ Թրքական Գործողութեան. Ասատ